Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ-ի եւ Հայաստանի Միջեւ Համագործակցութիւնը կը Շարունակուի Հակառակ Երեւանեան Գրասենեակի Փակման

ԵԱՀԿ-ի եւ Հայաստանի Միջեւ Համագործակցութիւնը կը Շարունակուի Հակառակ Երեւանեան Գրասենեակի Փակման

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի խօսքով, ղարաբաղեան կարգաւորման շրջանակէն ներս առայժմ խօսք կրնայ ըլլալ միայն նախարարական մակարդակով հանդիպման հնարաւորութեան մասին:

Հակառակ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակի փակման, համագործակցութիւնը կազմակերպութեան եւ Հայաստանի միջեւ կը շարունակուի, եւ այժմ կը քննարկուին այդ համագործակցութեան ձեւերը: Երէկ այս մասին Երեւանի մէջ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը:

Ան տեղեկացուցած է, որ Երեւան ժամանած է՝ գրասենեակի աշխատակիցներու հետ հանդիպելու եւ անոնց հետ գրասենեակի փակման հետ կապուած հարցերը քննարկելու համար:

«Գրասենեակի փակումը չի նշանակեր, որ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը պիտի աւարտի: Մեր օրակարգին մէջ բազմաթիւ կէտեր կան, որոնք կարեւոր են, ուստի՝ պիտի աշխատինք տարբեր ճանապարհներ գտնել՝ միասին աշխատելու եւ վստահեցնելու համար, որ գրասենեակի փակումը կը նշանակէ՝ փակուած է համագործակցութեան միայն մէկ գլուխ, սակայն, բացուած են համատեղ աշխատելու նոր ճանապարհներ:

ԵԱՀԿ-ը պիտի շարունակէ ներգրաւուած ըլլալ՝ տարբեր եղանակներով աջակցելով ընտրութիւններու անցկացման: Կան նաեւ ընթացքի մէջ գտնուող կարեւոր ծրագիրներ, որոնց մենք կը մասնակցինք առանձին կամ այլ միջազգային գործընկերներու հետ: Մենք նաեւ կը ձգտինք օգտագործել այդ գործընկերութիւնը՝ ապագային մեր ներգրաւուածութիւնը շարունակելու համար»,- ըսած է Լամպերթօ Զանիերը:

ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի փակման մասին վերջնականապէս յայտնի դարձաւ այս ամսուայ սկիզբին, երբ Ատրպէյճանը խոչընդոտեց Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ վերջին գրասենեակի պիւտճէի հաստատման՝ անհնարին դարձնելով 2000 թուականէն գործող երեւանեան գրասենեակի յետագայ գործունէութիւնը: Այն իր աշխատանքը պիտի դադարեցնէ 31  օգոստոսէն սկսեալ:

ԵԱՀԿ բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, Եւրոմիութիւնը, նաեւ Միացեալ Նահանգները ափսոսանք յայտնած էին գրասենեակի փակման կապակցութեամբ: Ատրպէյճանի իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ երկու տարի առաջ ալ փակուած էր Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանի բնորոշմամբ՝ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակի փակման ուղղութեամբ Պաքուի քայլերը ուղղուած էին միջազգային այդ կառոյցի դէմ: «ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարի այցելութիւնը տեղի է ունենում մի ժամանակահատուածում, երբ կազմակերպութիւնը ստիպուած է փակել մեր տարածաշրջանում իր վերջին գրասենեակը, քանի որ ԵԱՀԿ մասնակից պետութիւններից մէկը՝ Ատրպէյճանը, չարաշահելով վեթոյի իրաւունքը, փաստացի արգելափակեց ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի մանդատի երկարաձգումը:

Պաքուն սա փորձում էր ներկայացնել Ատրպէյճան-Հայաստան հարթութեան վրայ, սակայն, իրականում դա վերաբերում է ԵԱՀԿ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններին, մի գործունէութիւն, որն ուղղուած է ԵԱՀԿ-ի դէմ»,- ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Էտուարտ Նալպանտեանը:

«Ազատութեան» դիտարկման, թէ ԵԱՀԿ-ը կարծես ձեռնպահ մնացած է Ատրպէյճանի քայլերու վերաբերեալ գնահատական հնչեցնելէ, Լամպերթօ Զանիերը արձագանգած է․ «Ինչպէս գիտէք, ԵԱՀԿ-ը կը գործէ քոնսենսուսի հիման վրայ, եւ մենք երբեք մատնացոյց չենք ընէր քոնսենսուսի ձեռքբերման խոչընդոտողին: Ուստի՝ մենք այս հարցին չենք մօտենար, մեղադրելով այս կամ այն երկրին՝ քոնսենսուսի մաս չկազմելու համար: Սակայն, ես ափսոսանք կը յայտնեմ այն փաստի կապակցութեամբ, որ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակը այլեւս պիտի չգործէ»:

Էտուարտ Նալպանտեան ասուլիսի ժամանակ նաեւ տեղեկացուցած է, որ մօտ 10 օրէն Երեւան ու Ստեփանակերտ պիտի այցելեն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment