Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Պատրաստ է 2018-ի Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Նախագիծը

Պատրաստ է 2018-ի Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Նախագիծը

by MassisPost

Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը (American Armenian Rose Float Association) արդէն իսկ թողարկած է նախագիծը յաջորդ հայկական ծաղկասայլին, որ պիտի մասնակցի Յունուար 1, 2018-ին կայանալիք Փասատինայի 129-րդ Վարդատօնին։ Չորրորդ յաջորդական տարին է, որ հայկական ծաղկասայլը հանդէս պիտի գայ Փասատինայի հռչակաւոր վարդատօնին։

«Հայկական Արմատներ» թեման կրող հայկական ծաղկասայլը նուիրուած պիտի ըլլայ հայ մայրերուն, դուստրերուն, քոյրերուն, եւ մեծ մայրերուն՝ իբրեւ ներշնչման, յոյսի, ուրախութեան, եւ լաւատեսութեան աղբիւրներ – իբրեւ անհատներ, որոնց բարի ու ազնիւ արարքները կը հարստացնեն ուրիշներու կեանքերը, եւ որոնց անսակարկ սէրը կը սատարէ իրենց համայնքներու եւ ազգի մեծութեան։

Հայկական ծաղկասայլի թեման կ՚արտացոլէ Փասատինայի 129-րդ Վարդատօնի ընդհանուր թեման, որն է՝ «Նպաստել Մարդկութեան Վերելքին»։ Ինչպէս 2017-2018-ի Վարդատօնի նախագահ Լանս Թիպեթ կը բացատրէ, «Այս թեման կերպ մըն է պատուելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու մեր համայնքներու այն բոլոր անդամներուն, որոնք անձայնօրէն, առանց ճանաչում կամ վարձատրութիւն ակնկալելու, կը կատարեն անձնուէր, առատաձեռն, եւ ազնիւ արարքներ՝ ուրիշներու օգտակար ըլլալու համար»։

Հայկական նոր ծաղկասայլի նախագիծին հեղինակն է Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան Հոգաբարձութեան անդամ Ճանի Քանունճին։ Ըստ նախագիծին, ծաղկասայլի կեդրոնը կը գտնուի կիսարձանը հայ աւանդական տարազով ու գլխազարդով երիտասարդ կնոջ մը, որ հոգ կը տանի նորափթիթ նռնենիի մը։ Այս վեհաշուք արձանի առջեւն ու ետեւը տեղադրուած են հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը ներկայացնող ստեղծագործութիւններ, ներառեալ հայկական գորգեր եւ մեծկակ նուռեր։

Մինչ գորգերուն կարգ մը զարդաշարերը հայ դասական ճարտարապետութենէ եւ արքայական կնքաբանութենէ կը սերին, անոնց յետնապատկերային գոյները եւս հարուստ են խորհրդանշական իմաստներով։ Այսպէս, օրինակի համար, կանաչը կը խորհրդանշէ յոյս, վերանորոգում, կեանք, եւ գարուն, իսկ կարմիրը կը խորհրդանշէ գեղեցկութիւն, հարստութիւն, քաջութիւն, երջանկութիւն, եւ հաւատք։

2018-ի Նոր Տարուայ օրը, Փասատինայի մէջ գրեթէ 700,000 հանդիսատես պիտի հետեւի վարդատօնի երթին. իսկ պատկերասփիւռի եւ Համացանցի միջոցով ձեռնարկը պիտի տեսնուի 245 երկիրներէ եւ հողատարածքներէ։

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, մօտ 600 կամաւորներ պիտի աշխատին 2018-ի հայկական ծաղկասայլի զարդարման վրայ։ Նկատի ունենալով ծաղկասայլի շինանիւթերու եւ կառուցման մեծ ծախսը, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը մեր համայնքին կոչ կ՚ուղղէ առատաձեռնօրէն մասնակցելու այս համահայկական ծրագրի իրականացման։ Տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան կայքին միջոցաւ՝ aarfa.org, կամ չէքեր ուղարկելով հետեւեալ հասցէին՝ American Armenian Rose Float Association, P. O. Box 60005, Pasadena, CA 91116։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment