Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վոլոտիա Աւետիսեանը Համաներմամբ Ազատ Արձակուած է

Վոլոտիա Աւետիսեանը Համաներմամբ Ազատ Արձակուած է

by MassisPost

Երէկ կալանավայրէն համաներմամբ ազատ արձակուած է ազատամարտիկ, պահեստազօրի գնդապետ Վոլոտիա Աւետիսեանը, որ խարդախութեան եւ խարդախութեան փորձի մեղադրանքով երեքուկէս տարի բանտը անցուցած էր: Ան դատապարտուած էր վեց տարուայ ազատազրկման:

«Բոլորիցդ շնորհակալ եմ էս սատարման համար: Ես իրօք ինչ արել եմ, անում եմ հայ ազգի համար: Էս իշխանութիւններից պէտք է շուտափոյթ ազատուել: Պէտք է պայքարել», – կալանավայրէն դուրս գալէն անմիջապէս ետք ըսած է ան:

Տարիներ առաջ ազատամարտիկներու ընկերային իրաւունքներու համար բողոքի ցոյցեր նախաձեռնած Աւետիսեանը յայտարարած է, թէ պիտի շարունակէ պայքարը՝ նոյնիսկ եթէ իրեն նորէն կալանաւորեն։

Պիտի պահանջէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը․ – «Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ բոլորը պիտի հրաժարական տան»:

Աւետիսեանը խոստովանած է, որ տարիներ առաջ սատարած է Հայաստանի բոլոր երեք նախագահներուն։ Ան ընդգծած է, որ իր պատիժը կը համարէ հատուցում Սերժ Սարգսեանին, Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին աջակցելու համար: «Հաւատալով, որ իրօք դէպի լաւն ենք գնալու՝ ընտրել եմ: Մի անգամ, երբ որ նշում էինք Սերժ Սարգսեանի յաղթանակը, մօտեցայ, ասացի՝ պարոն նախագահ, հնարաւորինը արեցինք, շնորհաւորում եմ Ձեր յաղթանակը, մեր յաղթանակը: Ասի՝ չմոռանաք, որ մենք ծովից ծով Հայաստան ենք կորցրել: Ասեց՝ էլ չենք կորցնելու: Խաբեց․ 800 հեքթար հող կորցրեցինք, 100-ից աւել զոհեր ենք տուել․․․ ու էդ ամէն ինչը կազմակերպուած էր իշխանութիւնների կողմից, որ հողերը յետ տային», – ըսած է Վոլոտիա Աւետիսեանը:

Բանտէն տուն երթալու փոխարէն Վոլոտիա Աւետիսեանը մեկնած է Կառավարութեան շէնքի մօտ՝ նստացոյց սկսելու մտադրութեամբ․ – «Պահանջում եմ Արդարադատութեան նախարարը գայ պատասխան տայ ինձ: Գերութիւնից ազատուել եմ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գերի եմ եղել»:

Ազատամարտիկը ըսած է, որ պայքարը պիտի սկսի դատապարտեալներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, սակայն պիտի չմոռնայ նաեւ նախկին պայքարի՝ ծանր ընկերային վիճակի մէջ յայտնուած ազատամարտիկներուն ոտքի հանելու մասին:

Կալանաւորումէն ետք Աւետիսեանը յայտարարած էր, որ յարուցուած քրէական գործը շինծու է, եւ որ իշխանութիւնը այդպիսով նպատակ ունէր մեկուսացնել իրեն՝ ազատամարտիկներու համար իր կողմէ նախաձեռնած բողոքի ցոյցերուն վերջ տալու համար։

Նստացոյցը ընդմիջելով՝ Հանրապետութեան հրապարակէն Աւետիսեանը ուղեւորուած է Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու առաջին ատեանի դատարան՝ ներկայ գտնուելու զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու մէջ մեղադրուող Արարատ Խանդոյեանի դատավարութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment