Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Յանձնաժողովի Բանաձեւը Դատապարտած է Էրտողանի Թիկնապահներու Բռնութիւնը

ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Յանձնաժողովի Բանաձեւը Դատապարտած է Էրտողանի Թիկնապահներու Բռնութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ներկայացուած  է թիւ 354 բանաձեւի նախագիծը, որ կը դատապարտէ 16 Մայիսին ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրի դիմաց խաղաղ ցուցարարներու դէմ բռնութիւնը եւ կոչ ըրած է «օրինազանցներուն պատասխանատուութեան ենթարկել»: Այս մասին հաղորդած է Ամերիկայի հայկական համագումարը (ԱՀՀ):

Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի (հանրապետական, Քալիֆորնիա), ամենաբարձրաստիճան անդամ Էլիոթ Էնկըլի (դեմոկրատ, Նիւ Եորք), հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթիի (հանրապետական, Քալիֆորնիա) եւ դեմոկրատական խմբակցութեան երկրորդ ամենաբարձրաստիճան անդամ Սթէնի Հոյըրի (դեմոկրատ, Մերիլէնտ) ներկայացուցած նախագիծին մէջ նշուած է. – «Ժամեր շարունակ տեւած խաղաղ բողոքի ցոյցի ժամանակ բռնութիւն ծագեցաւ, երբ Էրտողանի կողմնակիցները եւ Թուրքիոյ դեսպանատունէն անձինք մէկ կողմ հրեցին Ուաշինկթընի ոստիկաններուն՝ դաժան յարձակման ենթարկելու ցուցարարները»: Բանաձեւին մէջ խորին մտահոգութիւն արտայայտուած է առ այն, որ «թուրք պաշտօնեաները բացայայտօրէն ոտնահարած են ԱՄՆ Սահմանադրութեան Առաջին լրացմամբ ամրագրուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու իրաւունքները, եւ բազմաթիւ զինուած թուրք անվտանգութեան աշխատակիցներ ծեծած, ոտքերով հարուածած ու խեղդած են անզէն ցուցարարներուն»:

Բանաձեւին մէջ կոչ եղած է. – «Ոեւէ թուրք անվտանգութեան աշխատակից, որ ուղղորդած, ղեկավարած կամ մասնակցած է ս.թ. 16 մայիսին թրքական անվտանգութեան ուժերու կողմէ խաղաղ ցոյցի ապօրինի ճնշման գործողութեան, պէտք է քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուի, եւ դատական գործ յարուցուի անոնց դէմ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան համաձայն»:

ԱՀՀ-ը երախտագիտութիւն յայտնած է չորս գոնկրէսականներուն երկկուսակցական օրինագիծի ներկայացման համար:

Ի լրումն վերոյիշեալի, 28 գոնկրէսականներ ԱՄՆ պետքարտուղար Ռեքս Թիլերսընին ուղղուած երկկուսակցական նամակ ստորագրած են՝ վերջինիս կոչ ընելով «հրապարակաւ դատապարտել այս գործողութիւնները եւ որ նոյնքան կարեւոր է՝ ապահովել, որ այդ մարդիկ լիակատար պատասխանատուութեան ենթարկուին իրենց գործողութիւններու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment