Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը կը Խախտէ Յետընտրական Լռութիւնը

Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը կը Խախտէ Յետընտրական Լռութիւնը

by MassisPost

2 Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին ընդամէնը 2 տոկոս ձայն ստացած եւ խորհրդարան չանցած «Օհանեան -Ռաֆֆի -Օսկանեան» դաշինքի առաջնորդներէն Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի համար արդիւնքները զարմանալի չէին։

«Ընտրական պրոցեսում բազմաթիւ կեղծիքներ են եղել», – խախտելով յետընտրական լռութիւնը՝ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Ժառանգութեան» կուսակցութեան առաջնորդը․ – «Գաղտնիք չէ, որ սրանք ընտրութիւններ չէին: Հերթական անգամ չընտրութիւններ էին: Թիրախաւորուած էր մեր դաշինքը՝ յայտնի պատճառներով, եւ եղաւ, ինչ եղաւ: Ինձ համար, որպէս հայաստանցի, սա նորութիւն չէր»:

Հարցին, թէ արդեօք դաշինքը պիտի շարունակէ պայքարը, թէ պարտութիւնը պառակտեց ընդդիմադիր առաջնորդները, Յովհաննիսեանը պատասխանած է, որ դաշինքը նախընտրական էր ու նորաստեղծ, հետեւաբար աշխոյժ չըլլալը չարակամօրէն մեկնաբանել պէտք չէ։

Ընդդիմադիր քաղաքական ուժի առաջնորդը նաեւ յայտարարած է, թէ հաշուի առնելով 2015-ի կեղծուած սահմանադրական հանրաքուէն եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւնները՝ կուսակցութիւնը կը գիտակցի, որ յետագայ պայքարը շարունակելու համար պէտք է խոշորացման երթալ։ Իրենց բանաձեւը արտախորհրդարանական եւ խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերու միաւորումն է։

Հարցին, թէ արդեօք այդ կազմին մէջ պիտի ըլլան դաշինքի միւս առաջնորդները՝ Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործերու նախկին նախարարներ Սէյրան Օհանեանն ու Վարդան Օսկանեանը, Յովհաննիսեան արձագանգած է․ – «Մենք հանդիպել ենք, երեքով հանդիպել ենք, երկկողմանի հանդիպումներ եղել են: Իմ տպաւորութիւնն այն է, որ իրենք պատրաստ են համագործակցութեան, համագործակցութեան ոչ միայն նախորդ դաշինքի շրջանակում, այլ աւելի լայն եւ աւելի խորը»:

Յովհաննիսեանի խօսքով, խորհրդարան անցած ուժերէն ինքը կը համակրի ու կը զօրակցի «Ելք»-ին, իսկ «Ծառուկեան դաշինքի» ընդդիմադիր կեցուածքին դեռ գնահատական չի տար։

Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը աւելցուցած է, թէ մայրաքաղաքի աւագանիի ընտրութիւնները նոյնպէս արդար չեն անցած։ Անոր կարծիքով, «Ելք»-ը, թէեւ ընդգրկուած է աւագանիի կազմին մէջ, բայց սխալ վարուած է՝ չբողոքարկելով ընտրութեան արդիւնքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment