Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Բնակչութիւնը Նախագահի Հնչեցուցած Թիւերուն Հասցնելը «Դժուար Իրագործելի» Խնդիր է

Հայաստանի Բնակչութիւնը Նախագահի Հնչեցուցած Թիւերուն Հասցնելը «Դժուար Իրագործելի» Խնդիր է

by MassisPost

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Կարիկ Հայրապետեանի կարծիքով, 2040 թուականին Հայաստանի բնակչութեան թիւը 4 միլիոնի հասցնելը դժուար իրագործելի է:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը 18 մայիսին նորընտիր Ազգային ժողովին իր ուղերձին մէջ մտահոգիչ համարած էր վիճակը՝ յառաջիկայ տասնամեակներու համար որպէս գերխնդիր նշելով Հայաստանի ժողովրդագրական իրավիճակի էական բարելաւումը: Սարգսեանը նաեւ առաջին անգամ յստակ թիւեր հնչեցուց՝ 2040 թուականին Հայաստանի մէջ առնուազն 4 միլիոն բնակիչ պէտք է ըլլայ:

Կարիկ Հայրապետեանը կը կարծէ, որ եթէ կարենանք 20 տարուայ մէջ գոնէ 3.5 միլիոնի հասնիլ, այդ հրաշալի ցուցանիշ կ’ըլլայ Հայաստանի համար․ – «Տեսականօրէն ամէն ինչ հնարաւոր է: Բայց եթէ մենք ռէալ փորձենք հաշուարկել մեր հնարաւորութիւնները, ապա, կարծում եմ, որ հնչեցուած թուերին հասնելը կլինի բաւականին դժուար: Բայց անգամ եթէ մենք կարողանանք հասնել այդ հնչեցուած թուերի յիսուն տոկոսին, ես կարծում եմ, դա մեզ համար կը լինի շատ մեծ քայլ առաջ: Եթէ մենք կարողանանք 300, 400 կամ 500 հարիւր հազար բնակչութիւն աւելացնենք, դա կլինի շատ մեծ առաջընթաց եւ շատ մեծ քայլ ժողովրդագրական իրավիճակը բարելաւելու եւ կայունացնելու տեսանկիւնից»:

Ան առանձնացուցած է այդ նպատակին հասնելու երկու հիմնական ուղղութիւն․ – «Առաջինը, որը հնարաւոր է, որ շատ աւելի արագ բերի արդիւնքներ, դա ներգաղթի կազմակերպումն է: Բայց դրա համար անհրաժեշտ է, որպէսզի երկիրը դառնայ շատ հմայիչ եւ շատ ցանկալի: Որպէսզի մարդիկ ցանկանան վերադառնալ: Երկրորդ ուղղութիւնը դա իհարկէ ծնելութեան բարձրացումն է, որը նոյնպէս շատ հեշտ խնդիր չէ․ երկրները, որոնք վերջին 20-25 տարիների ընթացքում յաջողել են ծնելիութեան ցուցանիշի որոշակի աճ ապահովել, դրանք այն երկրներն են, որոնք չեն թիրախաւորել ուղղակիօրէն ծնելիութեան աճը, այլ դիտարկել են ընտանիքի բարեկեցութիւնը որպէս այդպիսին, քոմփլէքս ծրագրի մէջ: Եւ եւս երրորդ մի հանգամանք․ մեր հասարակութիւնը ծերացող հասարակութիւն է, եւ բաւականին արագ թեմփերով ենք ծերանում: Մինչեւ 2050 թուականը մօտաւորապէս մէկ քառորդը մեր բնակչութեան կը լինի «60 պլիւս» բնակչութիւն: Ո՞նց պէտք է պահենք այդ մարդկանց՝ մեր բնակչութեան մէկ քառորդին: Մենք պէտք է ընդունենք որպէս բե՞ռ, թէ՞ որպէս հնարաւորութիւն, որպէսզի նրանք ընդգրկուած լինեն եւ ստեղծեն տնտեսական արժէք: Տեսականօրէն ամէն ինչ հնարաւոր է: Բայց դրա համար պէտք է շատ լուրջ մտահոգուել, շատ լուրջ մօտենալ եւ լուրջ ներդրումներ իրականացնել այս ոլորտի մէջ»:

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամը երկու տարի առաջ մեծ ուսումնասիրութիւն  կատարած էր՝ եզրահանգելով, որ ամենաբարենպաստ սենարի պարագային, եթէ այդ ուղղութեամբ քայլեր կատարուին, Հայաստանի բնակչութիւնը 2050 թուականին 3.2 միլիոն կը կազմէ: Իսկ վատատեսական սենարի պարագային, եթէ որեւէ գործ չըլլայ արտագաղթը նուազեցնելու, ծնելութիւնը խթանելու համար, ապա Հայաստանի մէջ երկու միլիոնէն ալ քիչ մարդ կը մնայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment