Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Էրտողանի Այցը ԱՄՆ Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններում Ոչ Մէկ Դրական Փոփոխութեան Չբերեց»

«Էրտողանի Այցը ԱՄՆ Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններում Ոչ Մէկ Դրական Փոփոխութեան Չբերեց»

by MassisPost

Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանի գնահատմամբ՝ Ատրպէյճան-Թուրքիա-Վրաստան Յյունիսին եւ սեպտեմբերին ծրագրուող համատեղ զօրավարժութիւնը մտահոգութիւն կ’առաջացնէ, որովհետեւ այդ երկիրներու տնտեսական գործակցութիւնը կը վերաճի ռազմաքաղաքական համագործակցութեան:

Ան Թուրքիոյ աշխոյժութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կը կապէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացման հետ:

«Սա կապուած է այն հանգամանքի հետ, որ Թուրքիայի համար շատ կարեւոր է յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի նոր ղեկավարութեան հետ, եւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այցը ԱՄՆ չբերեց թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններում ոչ մի դրական փոփոխութեան: Այն երկու խնդիրները, որ Թուրքիան բարձրացնում է Ուաշինկթընի առջեւ՝ կապուած քրտերի եւ Ֆեթուլլա Կիւլէնի հետ, բացասական  արձագանգ ստացան ԱՄՆ ղեկավարութեան կողմից»,- ըսած է Ռ. Սաֆրաստեանը:

Ըստ անոր՝ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացման պատճառ հանդիսացած է նաեւ Էրտողանի անվտանգութեան ծառայողներու սանձարձակ պահուածքը խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը Սուրիոյ քիւրտերուն:

«Թուրքիան, աքթիւացնելով դիրքերը Հարաւային Կովկասում, փորձում է իր արժէքը որոշ չափով բարձրացնել ամերիկացիների աչքում եւ կորզել զիջումներ՝ կապուած քրտերի եւ Կիւլէնի հետ»,- նշած է Սաֆրաստեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment