Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատգամաւորի Մասին Գրելէ Առաջ Պէտք է Ստանալ Անոր Համաձայնութիւնը

Պատգամաւորի Մասին Գրելէ Առաջ Պէտք է Ստանալ Անոր Համաձայնութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցներու հաւաքած հանրային կարեւորութեան անձնական տուեալներու հրապարակումը այսուհետեւ կրանան հետապնդուիլ օրէնքով: Անձնական տուեալներու պաշտպանութեան մասին օրէնքին մէջ դեռ անցեալ տարուայ Դեկտեմբերէն հանուած է առաջին յօդուածի երրորդ կէտը, ուր լրագրողներու եւ գրական ու գեղարուեստական նպատակներով մշակուող անձնական տուեալներու վրայ չէր տարածուէր օրէնքի սահմանափակումները.

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելիքեանը նշած է. «Եթէ լրագրողը խորհրդարանից, օրինակ, խորհրդարանից ինչ-որ մի ռեպորտաժ է տալիս եւ մի շարք պատգամաւորների մասին պիտի խօսքը գնայ, ուրեմն ինքը պիտի համաձայնեցնի նրանց հետ՝ արդեօ՞ք իրենք համաձայն են, թէ չէ իրենց անուն ազգանունը օգտագործելուն»:

Եւրոպական երկիրներու մէջ լրագրողներու հանդէպ այսպիսի արգելքներ գոյութիւն չունին,-ըսած է Աշոտ Մելիքեանը: Մինչդեռ Հայաստանի մէջ լրագրողը այսուհետեւ պէտք է որեւէ պատգամաւորի կամ «օլիկարխի» հանրային նշանակութեան անձնական տուեալի հրապարակումը համաձայնեցնէ անոր հետ. «Կարծում եմ, որ դա նախ եւ առաջ հակասում է ԶԼՄ մասին օրէնքին եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած խօսքի ազատութեան իրաւունքին»:

Փոփոխութիւնը նոր է եւ դեռ որեւէ քաղաքական կամ հանրային որեւէ գործիչ օրէնքի այս առաւելութենէն  չէ օգտուած: Անձնական տուեալներու պաշտպանութեան գործակալութեան պետ Շուշան Տոյտոյեան ըսած է, որ իրականութեան մէջ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու հետ այդ յօդուածի հանումը հակասութիւն չունի. «Քանի ես եմ ղեկավարը, ես մամուլին չեմ կպնելու, ես ասել եմ՝ իմ վրայ յոյս չդնէք, ես ոչ մի վարոյթ մետիայով կապուած չեմ յարուցելու»:

Շուշան Տոյտոյեանը դեռ երեք տարի պիտի ղեկավարէ նախարարութեան աշխատակազմի անձնական տուեալներու գործակալութիւնը: Երեք տարի յետոյ ան չի գիտեր, թէ ինչպէս պիտի կիրառուի օրէնքը: Փաստ է, որ ամբողջ Եւրոմիութեան մէջ լրագրողներու եւ ստեղծագործողներու համար անձնական տուեալներու պաշտպանութեան օրէնքի սահմանափակումները չեն գործեր. «Մեր օրէնսդրութիւնը նոյնպէս ձեւաւորուել էր Եւրամիութեան փորձի հիման վրայ եւ մեր օրէնսդրութիւնում նոյնպէս առկայ էր այդ բացառութիւնը, բայց այն հանուել է»:

Այնուամենայնիւ, եթէ, ըսենք, պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանը պահանջէ, որ իրեն վերաբերող հանրային կարեւորութեան անձնական տուեալներու հրապարակումը անպայման համաձայնեցուի իր հետ, լրագրողը այսուհետեւ պարտաւոր այդ մէկը ընել, հակառակ պարագային պէտք է օրէնքի առջեւ պատասխան տայ. «Առաջ մենք կարող էինք ասել՝ մետիան բացառութիւն է, գնացէք, հիմա պիտի յարուցենք վարոյթը, պէտք է քննենք գործը, իսկապէս հիմնաւորենք, որ էստեղ առկայ է հանրային շահ»:

Ի դէպ, Հայաստանի մէջ գտնուող Եւրոմիութեան կառոյցները օրէնքի այս փոփոխութենէն տեղեակ չեն եւ դեռ դիրքորոշում չեն յայտնած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment