Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Էրտողան. ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբը Մօտ Ժամանակներուն կը Գտնէ Ղարաբաղեան Խնդրի Լուծումը

Էրտողան. ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբը Մօտ Ժամանակներուն կը Գտնէ Ղարաբաղեան Խնդրի Լուծումը

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները մօտ ժամանակներուն կը գտնեն 20 տարիէ աւել տեւող ղարաբաղեան խնդրի լուծումը: Այդ մասին 22 Mայիսին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Պոլսոյ մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ) հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած յոբելեանական գագաթաժողովին։

Նշենք, որ Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեանի ելոյթէն ետք նախագահողը` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, համաձայնելով, որ ՍԾՏՀ-ն ԼՂ-ի հիմնահարցի քննարկման հարթակ չէ, նշած է, որ այս խնդիրով կը զբաղուին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւնները, որոնց ներկայացուցիչներէն մէկը` ՌԴ-ն, կը գտնուի դահլիճին մէջ: Էրտողանը յոյս յայտնած է, որ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները մօտ ժամանակներուն կը գտնեն 20 տարիէ աւել տեւող այս խնդրի լուծումը:

Գագաթաժողովին իր ելոյթին մէջ ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեանը, անդրադառնալով գագաթաժողովին Ատրպէյճանի ԱԺ նախագահ Օքթայ Ասատովի ելոյթին մէջ Հայաստանին հասցէագրուած մեղադրանքներուն, ըսած էր, որ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը կրկին փորձ կատարած է օգտագործել ՍԾՏՀ ամպիոնը` ներկայացնելու ԼՂ հակամարտութեան աղաւաղուած պատկերը: «Մենք համոզուած ենք, որ այս գագաթաժողովը այն տեղը չէ, իսկ ՍԾՏՀ-ն այն ձեւաչափը չէ, որտեղ պէտք է քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը: Անելով սա՝ ատրպէյճանական կողմը ցուցադրեց իր անյարգալից վերաբերմունքը ՍԾՏՀ Կանոնադրութեան, կազմակերպութեան սկզբունքների եւ նպատակների եւ այս գագաթաժողովի նկատմամբ»,- նշած է Յովակիմեանը:

Ատրպէյճանի շարունակական ռազմատենչ քաղաքականութեան, մասնաւորապէս, ապրիլեան յարձակումի եւ անոր հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէ գործադրուող ջանքերու  ընդհանուր ոլորտին մէջ ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալը ներկայացուցած է այդ ջանքերու տապալման ուղղութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող քայլերը՝ ընդգծելով, որ. «Մեղադրանքները, ռազմատենչ կեցուածքը եւ միակողմանի առաւելապաշտական պահանջները չեն կարող լուծել հակամարտութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ հնարաւոր է հասնել առաջընթացի, եթէ Ատրպէյճանը հրաժարուի ուժ գործադրելու քաղաքականութիւնից եւ բարեխղճօրէն ներգրաւուի բանակցութիւններում ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների համաձայնեցուած ձեւաչափի շրջանակներում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment