Home ՍՓԻՒՌՔ Երուսաղէմի Մէջ Տանըլտ Թրամբն ու Անոր Տիկինը Ունկնդրած են Հայկական Երգչախումբի Կատարումը

Երուսաղէմի Մէջ Տանըլտ Թրամբն ու Անոր Տիկինը Ունկնդրած են Հայկական Երգչախումբի Կատարումը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբ եւ անոր տիկինը Մելանիա Թրամբ Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ ունկնդրած են Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարանի երգչախումբի կատարումը:

Այս մասին յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան 22 մայիսին Պէն Կուրիոն օդակայանին մէջ մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբի դիմաւորման արարողութեան:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը պաշտօնը ստանձնելէ յետոյ առաջին այցը կատարած է Իսրայէլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment