Home Uncategorized Ուաշինկթընի Ծեծկռտուքի Առնչութեամբ Պետդեպարտամենտ Կանչուած է Թուրքիոյ Դեսպանը

Ուաշինկթընի Ծեծկռտուքի Առնչութեամբ Պետդեպարտամենտ Կանչուած է Թուրքիոյ Դեսպանը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է Պետդեպարտամենտ՝ շաբթուայ սկիզբը Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի առնչութեամբ:

Ըստ Associated Press-ի, դեսպանին հետ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու երկրորդ ամենաբարձրաստիճան դիւանագէտը՝ իր մտահոգութիւնը փոխանցելով Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներու կողմէ իրականացուած բռնութիւններու վերաբերեալ:

Տանըլտ Թրամբի վարչակազմը միաժամանակ ընդունած է, որ միջադէպէն ետք ձերբակալուած երկու թուրք թիկնապահները կարճ ժամանակ անց ազատ արձակուած են:

Ի դէպ՝ նոր հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս նախագահ էրտողան ծառայողական մեքենայէն հետեւած է արիւնալի իրադարձութիւններուն, ապա շրջանցելով տարածքը՝ հեռացած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment