Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցուած է Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Ծիծեռնակաբերդի մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցուած է Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

by MassisPost

ԱԺ նախագահի տեղակալ Էտուարտ Շարմազանով, Հանրապետական խմբակցութեան քարտուղար Գագիկ Մելիքեան, պատգամաւոր Մարգարիտ Եսայեան, ՀՀ-ի մէն Յունաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչներ, Հայաստանի մէջ յունական հասարակական կազմակերպութիւններու միութեան նախագահ Արկադի Խիտարով, հոգեւոր դասի եւ Հայաստանի յունական համայնքի ներկայացուցիչներ այցելած են Ծիծեռնակաբերդ։

ԱԺ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ, ներկաները ծաղիկներ  դրած են անմար կրակի մօտ եւ խոնարհումով ու լռութեամբ յարգած են Փոքր Ասիոյ տարածքին 1915-1923թթ. Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Պոնտոսի յոյներու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը կատարած է հոգեհանգիստի կարգ անմեղ զոհերու հոգու հանգստութեան համար։

«Այսօր նաեւ վերածննդի օր է։ Հայաստանի իշխանութիւններն ամէն ինչ անելու են քրիստոնեայ ժողովուրդների ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման ուղղութեամբ, եւ մենք պէտք է միաւորենք մեր ջանքերը, որովհետեւ ցեղասպանութեան ժխտումը նոյնքան վտանգաւոր է, որքան ցեղասպանութիւն կատարելը»,-ըսած է Է. Շարմազանով:

1994 թուականին Յունաստանի խորհրդարանը ճանչցած եւ դատապարտած է Պոնտոսի 600 հազարէ աւելի յոյներու ցեղասպանութիւնը։ Փրկուելով թրքական եաթաղանէն՝ անոնցմէ շատերը ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ եւ ներգրաւուած մեր երկրի սոցիալ-տնտեսական ու քաղաքական կեանքին մէջ։

Հայաստանի մէջ յունական հասարակական կազմակերպութիւններու միութեան նախագահ Արկադի Խիտարովը խորհրդանշական համարած է Հայոց մեծ եղեռնի յուշակոթողին մօտ Պոնտոսի յոյներու՝ իր հայրենակիցներու յիշատակի խնկարկումը, քանի որ հայ ժողովուրդը առաջինը ենթարկուած է եղեռնի։ Դատապարտելով ցեղասպանութիւնը իրականացնողնը` ան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային աշխարհի առաջադէմ մարդկութիւնը կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Փոքր Ասիոյ տարածքին 1915-1923թթ-ուն քրիստոնեաներու հետ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը։

Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած են Հայաստանը, Յունաստանը, Կիպրոսը, Շուէտը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment