Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վալէրի Փէրմիաքովին Փոխանցած են Ռուսաստան

Վալէրի Փէրմիաքովին Փոխանցած են Ռուսաստան

by MassisPost

Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի 2016 թուականի 23 Օգոստոսի դատավճռի կատարումը ապահովելու գործընթացի շրջանակներու մէջ «Պատիժի յետագայ կրման համար ազատազրկման դատապարտուածներուն փոխանցելու մասին» 1998թ. Մոսկուայի պայմանադրութեամբ սահմանուած կարգով Վ. Փէրմիաքովի փոխանցումը Ռուսաստանի Դաշնութիւն իրականացուած է այսօր՝ 18 Մայիսին:

ՀՀ Արդարադատութեան Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան  հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, թէ ՌԴ իրաւասու մարմիններու հետ իրականացուած խորհրդակցութիւններու արդիւնքով ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն հայկական կողմի ներկայացուցիչներու համապատասխան հարցումներու պարագային Վ. Փէրմիաքովի պատիժի կատարման վերաբերեալ յետագային տեղեկատուութիւն տրամադրելու մասին:

ԱՆ-ը կը յիշեցնէ, որ ՀՀ արդարադատութեան նախարարութիւնը ստացած էր Ռուսաստանի Դաշնութեան դատարանի որոշումը Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի կողմէ 2016 թուականի 23 Օգոստոսին կայացուած դատավճիռը ճանչնալու եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին կատարելու մասին:

ՌԴ դատարանի որոշումը կ’երաշխաւորէ ՀՀ դատարանի կողմէ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած ՌԴ քաղաքացի Վալէրի Փէրմիաքովի դատավճռի կատարումը անվերապահօրէն ու լիովին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ գործող միջազգային պայմանագիրներով սահմանուած կարգով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment