Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան․ «Պատերազմի Նոր Փուլ Ենք Յայտարարում Անարդարութեանը»

Սերժ Սարգսեան․ «Պատերազմի Նոր Փուլ Ենք Յայտարարում Անարդարութեանը»

by MassisPost

Վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստին ունեցած՝ աւելի քան մէկ ժամ տեւած իր ծաւալուն ելոյթին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանը խօսած է խորհրդարանի դերի բարձրացման, երկրի կառավարման համակարգը փոխելու միջոցով յետընտրական ճգնաժամերը վերացնելու, ընդդիմութեան դերի բարձրացման, կաշառակերութեան, «ներքին թշնամիի» դէմ պայքարի, ընդհուպ մինչեւ 2040 թուականը ընդգրկող ժամանակաշրջանի տնտեսական ցուցանիշներու, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի մասին:

Սերժ Սարգսեանը նախ շնորհաւորած է բոլոր խմբակցութիւններուն՝ «ազատ, թափանցիկ եւ բարձր գնահատականի արժանացած ընտրութիւններու համար», յորդորելով նաեւ մոռնալ նախընտրական փուլին մէջ իրար հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքները: Երկրի ղեկավարը ըսած է, թէ խորհրդարանի ամպիոնէն կ’ակնկալէ լսել սուր, քննադատական, բայց հիմնաւորուած ելոյթներ: Ապա խօսած է, իր բնորոշմամբ, սխալ երեւոյթի մը մասին: «Առկայ է մի ընկալում, որ ընդդիմադիր պատգամաւորը, ով կողմ է քուէարկել իշխանութեան նախաձեռնութեանը, այլեւս ընդդիմութիւն չէ, կամ աւելի վատ՝ ծախուած է: Այս տրամաբանութիւնն ու մտածողութիւնը լաւ բանի չեն յանգեցնի»,- նշած է նախագահը:

«Նոր Սահմանադրութիւնը հնարաւորութիւն տուեց խուսափել յետընտրական ճգնաժամերից»
Սերժ Սարգսեան ըսած է, թէ այս օրերուն առաւել յաճախ իրեն հարց մը տուած են՝ արդեօ՞ք գոհ է Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքներէն: «Որպէս Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ, ես գոհ եմ մեր կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքներից»,- ըսած է Սարգսեանը: Երկրի ղեկավարը յատուկ շեշտած է՝ 2 ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ երկրի կառավարման համակարգը փոխելու միջոցով վերացուցած են յետընտրական ճգնաժամերը:

«Կոռուպցիան աւելի տեսանելի է դառնում»
Խօսելով կաշառակերութեան դէմ պայքարի մասին, Սերժ Սարգսեանը շեշտած է, թէ կաշառակերութիւնը այսօր փոխած է իր դէմքը, ապա առաջարկած է յաջողութեան իր բանաձեւը: «Իհարկէ, այսօր կոռուպցիայի դէմքը փոխուել է: Աստիճանաբար այն աւելի տեսանելի եւ խոցելի է դառնում: Պետութիւնը շարունակում է հասարակութեան եւ անհատի մէջ արմատաւորել «կոռուպցիայի հանդէպ զրօ հանդուրժողականութեան» մշակոյթը: Բայց մենք չենք կարող բաւարարուել առկայ ձեռքբերումներով: Մենք պէտք է կատարելագործենք հակակոռուպցիոն ինստիտուցիոնալ համակարգը եւ ապահովենք դրա հետեւողական զարգացումը:

«Պատերազմի նոր փուլ՝ անարդարութեան դէմ»
Խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւն կազմող Հանրապետականի ղեկավարը նաեւ խօսած է «ներքին թշնամիի» մասին, որու անունն է «անարդարութիւն» եւ որ, անոր խօսքով, արտաքին թշնամիէն ոչ պակաս վտանգաւոր է: Այդ առնչութեամբ՝ Սերժ Սարգսեանը ըսած է․ «Պատերազմի նոր փուլ ենք յայտարարում անարդարութեանը: Դիմում եմ բոլորին. մեզնից իւրաքանչիւրը, ինչպէս որ պայքարել ու պայքարում է մեր հայրենիքի անկախութեան, նրա սահմանների անվտանգութեան համար, նոյնպիսի նուիրուածութեամբ ու ջանասիրութեամբ պիտի պայքարի արդարութեան համար:

Արդարութիւնը պէտք է լինի այն կենարար գաղափարը, որով պէտք է սնուեն մեր մանուկները, որով պէտք է առաջնորդուեն մեր պետական ծառայողները, որով պէտք է ապրեն մեր դատաւորները: Մեզնից իւրաքանչիւրն արդարութիւնը պէտք է պաշտպանի առնուազն այնպէս, ինչպէս մեր զինուորն է այսօր մեր սահմանը պահպանում: Սահմանը լքելը բոլոր ժամանակներում դաւաճանութիւն է դիտարկուել: Մեր հայրենիքի վաղուայ օրուայ հանդէպ դաւաճանութիւն պիտի համարենք ցանկացած մէկի, առաւել եւս դատաւորի թոյլ տուած անարդարութիւնը»:

«Քազանեան փաստաթուղթը մնում է որպէս վերջին աշխատանքային փաստաթուղթ»
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի մասին, Սերժ Սարգսեան ըսած է, թէ կ’ուզէ յստակութիւն մտցնել նախընտրական շրջանին այս հարցի վերաբերեալ հնչեցուած քանի մը միտքերու շուրջ: Ըստ էութեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վերջին պնդումներուն, երկրի ղեկավարը ըսած է․ «Նախ փորձ կատարուեց վերակենդանացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ վաղեմի առաջարկներից մէկի քննարկումը, ինչն, իհարկէ, չստացուեց։ Եւ դա բնական է։ Պնդել, թէ անցեալում լաւագոյն փաստաթուղթն է բանակցուել, որն այսօր կարող է հանգուցալուծման բանալի լինել, ուղղակի նշանակում է մեղանչել իրականութեան դէմ։

Իսկ իրականութիւնն այն է, որ 1997 թուականի դեկտեմբերի փաստաթուղթը չէր էլ յաւակնում հիմնահարցի հանգուցալուծմանը, այլ, ինչպէս իր վերնագիրն էր վկայում, ուղղուած էր զինուած հակամարտութեան դադարեցմանը։ Այն մի տեսակ զինադադարի նոր համաձայնագիր էր նախատեսում` այս անգամ արդէն համեմուած խաղաղապահ ուժերով եւ մի շարք այլ դրոյթներով։ Հայկական կողմերը ստանում էին անվտանգութեան կասկածելի երաշխիքներ եւ հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման ոչ պակաս կասկածելի ու անորոշ հեռանկար՝ փոխարէնն անելով անհամաչափ զիջումներ»:

«Հայաստանի բնակչութիւնը՝ 4 միլիոն մարդ՝ 2040 թուականին»
Իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեանը խօսած է նաեւ երկարաժամկէտ տնտեսական աճի եւ ընդհուպ մինչեւ 2040 թուականի թիրախային ցուցանիշները ապահովելու կարեւորութեան մասին: Երկրի ղեկավարը շեշտած է՝ անընդունելի է ունենալ աղքատութեան բարձր ցուցանիշ, քանի որ հայերը յայտնի են իրենց բացառիկ ձեռնարկատիրական ունակութիւններով:

Ապա Սարգսեանը նշած է, թէ աղքատութեան կրճատման ինչպիսի ցուցանիշներ  մտադիր են ապահովել․ յառաջիկայ 5 տարում՝ 18 տոկոս, իսկ 2040-ին՝ 7-8 տոկոս աղքատութիւն: Սարգսեանը չէ թաքցուցած՝ ակնկալիքներ ունի նաեւ բնակչութեան թուաքանակի աճի հետ կապուած: «2040 թուականին պէտք է հասնել առնուազն 4 միլիոն բնակչի»,- ըսած է նախագահը:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment