Home ԳՐԱԿԱՆ Թրքերէն Նոր Հրատարակութիւն «Իզմիրի Հայերը»

Թրքերէն Նոր Հրատարակութիւն «Իզմիրի Հայերը»

by MassisPost

Izmir-Ermenileri«Իզմիրի հայերը» գիրքը արժէքաւոր աղբիւր մըն է՝ աւելի լաւ ընկալելու համար Իզմիրի անցեալն ու ներկան…

Իրապէս կայի՞ն զմիւռնահայերը։ Կայի՞ն, շնչեցի՞ն, քալեցի՞ն, վազեցի՞ն, ծնա՞ն ու մեռա՞ն երկրի վրայ դրախտը յիշեցնող Եգէականի այս ափերուն վրայ։ Այս հարցումներուն դժուար է «Այո՛, ապրեցա՛ն, կայի՛ն» պատասխանել՝ դիտելով Թուրքիոյ ամենամեծ ու յատուկ քաղաքներէն մէկուն՝ Իզմիրի մէջ ու անոր շրջակայքին դարերու անցեալ ունեցող իրենց կեանքէն մնացած եւ գրեթէ ոչնչացած հետքերը։ Բացի քանի մը խղճամիտ մասնագէտէ, Թուրքիոյ մէջ Իզմիրի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններուն մէջ ալ կացութիւնը տարբեր չէ։ Ըստ բազմաթիւ թրքական աղբիւրներու, անոնք բացի 1922-ի Զմիւռնիոյ հրդեհին պատճառը ըլլալէ, ուրիշ ոչ մէկ դեր կատարած են քաղաքի պատմութեան մէջ։ Չկային, եւ ետքը իրենց թաղամասը հրդեհեցին եւ նաւարկելով հեռացան։

«Իզմիրի հայերը» գիրքը ի մի կը բերէ յօդուածներ, որոնք այս գեղեցիկ քաղաքին ու անոր շրջակայքի կարգ մը բնակավայրերուն պատմութիւնը կը քննեն հայերու բնակութեան դիտանկիւնէն եւ առհասարակ հայկական աղբիւրներու հիման վրայ։ Հայերուն քաղաքին մէջ ունեցած դիրքը, իրենց եկեղեցիները, դպրոցները, հիւանդանոցը, տպարանները, մամուլը եւ նման հաստատութիւնները, ճարտարապետութիւնը, արուեստները, առեւտրային կեանքէն ներս դերակատարութիւնը, հարեւան ժողովուրդներու հետ յարաբերութիւնները, նոյնիսկ տարազները կը քննուին լուսանկարներու ալ օգնութեամբ՝ նպատակ ունենալով դիւրացնել հասկնալու զմիւռնիացիի ինքնութիւնը կրելու վիճակը։ Ինչպէս նաեւ կը ձգտի ծանօթացնել կարգ մը սկզբնաղբիւրներն ու քննարկումները բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են քաղաքի պատմութեամբ, գլխաւորաբար նորօրեայ Իզմիրի մէջ բնակող իրենց հայրենակիցները։

Քաղաքները վայրեր են, որոնք բնականաբար ի մի կը բերեն իրարու նմանող կամ իրարմէ տարբերուող, յամենայնդէպս հասարակաց տարածք ու միասնական մշակոյթ բաժնող մարդիկը։ Անցեալին միասնաբար ապրելու առիթը թերեւս վրիպած է մեզմէ, ինչ որ արգելք մը չէ անցեալը դիտելով կարգ մը հետեւանքներ բանաձեւելու համար։ «Իզմիրի հայերը» գիրքը այս առումով արժէքաւոր աղբիւր մըն է։ Աւելի լաւ ընկալելու համար Իզմիրի անցեալն ու ներկան…

Զաքարիա Միլտանօղլու
Ծնած է 1950-ին, Կեսարիոյ Էքրեք (Քէօփրիւպաշը) գիւղը։ Նախակրթութիւնը ուսանած է Գարակէօզեան որբանոցի, միջնակարգն ու լիսէն ալ՝ Ս. Խաչ Դպրեվանքի մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Ստանպուլի թեքնիքական համալսարանէն՝ վկայուելով որպէս ճարտարապետ։ Համալսարանական տարիներուն աշխուժօրէն մասնակցած է ուսանողական շարժումներուն եւ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան ձեռնարկներուն։ 1976-ին մտաւ Թուրքիոյ Համայնավարական կուսակցութեան շարքերէն ներս։ Սեպտեմբեր 12-ի շրջանին Թուրքիոյ Համայնավարական կուսակցութեան դատավարութեան արդիւնքին ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ 3 տարի։

Որպէս ճարտարապետ կեանքի կոչած է Քուզկունճուքի օդակազի գործարանի, որ առաջինն է Թուրքիոյ մէջ, «Շել» ընկերութեան Թուրքիոյ կեդրոնատեղիի կառուցումը, Օրթագիւղի Անտոնեան միաբանութեան եւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգումն ու նման նախագիծեր։ Որպէս Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան դիտորդ՝ մասնակցած է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն։ 2012-ին Երեւանի պիէնալին ներկայացաւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման նախագծով եւ արժանացաւ մրցանակի։

2008-2011 թուականներուն սիւնակագիր էր «Ակօս»ին մէջ։ Հայկական արուեստի, Անատոլուի հայկական բնակավայրերու, հայկական մամուլի ու հրատարակչական պատմութեան վերաբերեալ բազմաթիւ դասախօսութիւններ սարքած ու գիտաժողովներու մասնակցած է Թուրքիոյ, Ամերիկայի ու Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ։ Այս ոլորտէ ներս ունեցած իր երկարամեայ վաստակը պսակած է «Հայ պարբերական մամուլը 1794-2000» հատորով, որ հրատարակուած է 2014-ին, «Արաս» հրատարակչատան կողմէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment