Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայաստանի Մէջ Արարատին Դիմահայեաց Բարձունքին Վրայ «Նոյեան Տապան» Համալիր կը Կառուցուի

Հայաստանի Մէջ Արարատին Դիմահայեաց Բարձունքին Վրայ «Նոյեան Տապան» Համալիր կը Կառուցուի

by MassisPost

Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի կառուցել «Նոյեան Տապան» պատմամշակութային, գիտակրթական համալիր: Այդ նպատակով ստեղծուած է հիմնադրամ, որ կը կրէ «Կառուցենք ազգովի» խորագիրը:

Հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն կը յայտնեն, որ կ՛առաջարկուի մէկտեղել «հայութեան հնարաւորութիւնները համաշխարհային նշանակութեան այս ձեռնարկը իրականութիւն դարձնելու համար»:

Տապանը պիտի կառուցուի Արարատին դիմահայեաց բարձունքին վրայ: Պիտի ունենայ այն տեսքն ու այն չափերը, ինչ  որ նկարագրուած է Աստուածաշունչին մէջ․ երկարութիւնը 300 կանգուն (132 մեթր), լայնութիւնը 50 կանգուն (22 մեթր), բարձրութիւնը 30 կանգուն (13.2 մեթր): Պիտի կառուցուի երկաթ-կրաձոյլէ, երեսը պիտի պատուի փայտով:

«Տապանը պիտի յիշեցնէ, որ մարդկութեան նախահայրենիքը Հայաստանն է: Համաշխարհային ջրհեղեղէն ետք հայոց աշխարհէն սկիզբ առաւ անոր փրկութիւնը: Ուստի պատմամշակութային, գիտակրթական այս համալիրը պիտի ունենայ համամարդկային նշանակութիւն: Անիկա փաստացի պիտի ըլլայ մարդկութեան` իր տեսակին մէջ աշխարհի մէջ եղած միակ սրբավայրը, որ չ՛ենթադրեր կրօնական խտրականութիւն, ուր կ’իշխէ խաղաղութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը: Գտնուելով Հայաստան, իբրեւ համամարդկային արժէք, պիտի պատկանի ամբողջ մարդկութեան, պիտի դառնայ ուխտատեղի բոլոր ազգութիւններու համար»,- ըստ «Փանարմինըն»-ի՝ ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Տապանին մէջ պիտի կառուցուի 200 տաղաւարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ պիտի տեղադրուին առանձին ազգերու, ժողովուրդներու կամ պետութիւններու դրօշներն ու զինանշանները, անոնց ազգային մշակոյթն արժեւորող տարբեր ցուցանմուշներ:

Համալիրը պիտի ունենայ նաեւ գործառնական նշանակութիւն. իր 40 առանձնասենեակը պիտի առաջարկէ ուխտաւորներուն ու զբօսաշրջիկներուն: Անոր մէջ պիտի ըլլան թանգարան, պատկերասրահ, գրադարան: Միաժամանակ պիտի ապահովէ պետական-պաշտօնական գործառոյթ. Պիտի ունենայ համաժողովներու  դահլիճներ, կառավարութեան ընդունելութիւններու, ինչպէս նաեւ պետական նշանակութեան հանդիսութիւններու սրահներ:

Արդէն ձեւաւորուած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն հաստատուած է «Ֆեղարուեստի կոմբինատ»-ի տնօրէն   Յարութիւնեան:

Ծրագիրը պիտի ներկայացուի կառավարութեան: Համապատասխան հողատարածքը յատկացուելէ ետք պիտի սկսին կառոյցի նախագծման եւ շինարարական աշխատանքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment