Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Տեղական Դիտորդներու Քուէարկութեան Արդիւնքը Չարտացոլեր Երեւանցիներու Կամքը

Ըստ Տեղական Դիտորդներու Քուէարկութեան Արդիւնքը Չարտացոլեր Երեւանցիներու Կամքը

by MassisPost

Իշխող Հանրապետականի քաղաքապետի թեկնածու Տարօն Մարգարեանի ստացած 71 տոկոս ձայնը, մայրաքաղաքի աւագանիի ընտրութիւններու դիտարկած տեղական դիտորդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կարծիքով չ’արտացոլեր  երեւանցիներու կամքը:

Ընտրողներու ուղղորդում, կեղծ դիտորդներ տեղամասերուն մէջ, ընտրակաշառքի դէպքեր, ուրիշի փոխարէն քուէարկութիւն․ ասոնք այն հիմնական ընտրախախտումներն են, որոնք արձանագրած են անկախ դիտորդական կազմակերպութիւնները։ Այս ամէնը հաշուի առնելով տեղական դիտորդները յայտարարած են՝ իշխող հանրապետականի քաղաքապետի թեկնածու Տարօն Մարգարեանի ստացած 71 տոկոս ձայնը չ’արտացոլեր երեւանցիներու կամքը:

«Իրաւունքի Եւրոպա» միաւորման ղեկավար Տիգրան Եկորեան «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան յայտարարած է, թէ այդ մէկը Հանրապետականի ստացած ձայները չեն․ – «Ամէնը, ինչի մասին մենք խօսում էինք, ինչի մասին պարոն Սաքունցը ներկայացնում էր, ինչի մասին ես փորձեցի հնարաւորինս սպառիչ անդրադառնալ, էս ամէնը հենց այն փաստերն են, որոնք ցուցանում են, որ Ձեր հարցի պատասխանը ոչ է, որ դա նրանց ստացած ձայները չեն: Եւ էստեղ չի գործում էն տրամաբանութիւնը, որ եթէ Ա-ին կամ Բ-ին տուել են կաշառք, եւ նա եկել եւ քուէարկել է, ուրեմն Ա-ն կամ Բ-ն իրենց ձայնը տուել են Հանրապետականին»:

«Անկախ դիտորդ» նախաձեռնութեան անդամ, իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը նոյնպէս կը կարծէ, որ երեւանցիներու կամքը հաշուի չէ առնուած: Սաքունցը յիշեցուցած է ընդամէնը օրեր առաջ ընդդիմադիր «Ելք»-ի ահազանգը ընտրակաշառքի մասին եւ այդ հարցով բողոքի մերժումը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ։ Ըստ անոր, յանձնաժողովը նոյնիսկ հակափաստարկներ չէ բերած՝  չփարատելով ընտրակաշառքի վերաբերեալ կարծիքները։

«Տիգրան Մուկուչեանի գլխաւորած յանձնաժողովը զբաղուած է Հանրապետականի շահերի պաշտպանութեամբ», – պնդած է իրաւապաշտպանը։ – «Այս պարագայում 70 տոկոս ձայն հաւաքած կուսակցութեան մասնակցութեան դէպքում ընտրութեան արդիւնքները չեն համապատասխանում իրականութեանը: Կեղծուած են»:

Դիտորդները ընդգծած են, թէ այս ընտրութիւնները ետքայլ են մէկուկէս ամիս առաջ իրականացուած խորհրդարանական ընտրութիւններու համեմատ:

«Անկախ դիտորդ» նախաձեռնութեան անդամ, «Իրազեկ քաղաքացիների» միաւորման ներկայացուցիչ Դանիէլ Իոաննիսեանը թուարկած էր արձանագրածը․ – «Ինչպէս է տեղի ունենում ձայների մի զգալի մասի, այդ 70 տոկոսի մի զգալի մասին գոյացութիւնը: Մարդկանց վրայ կիրառւում են ճնշումներ՝ վարչական ռեսուրսի չարաշահման տեսքով, մարդկանց տալիս են ընտրակաշառք՝ յաճախ այնպէս, որ այդ ընտրակաշառքից չի կարելի հրաժարուել: Եւ երրորդ կարեւոր բաղադրիչը՝ մարդկանց քուէարկութեան գաղտնիութիւնը խախտում են, որպէսզի տեսնեն, թէ էս մարդիկ ոնց քուէարկեցին: Այս պայմաններում մարդիկ յաճախ չեն կարող, ուզում են քուէարկել այլ ուժի, բայց չեն կարողանում քուէարկել․․․ Այո՛, էդ նշանը դնում են Հանրապետական կուսակցութեան անուան դիմաց, բայց դա դեռ չի նշանակում, որ Հանրապետական կուսակցութեանն են ընտրել»:

Դիտորդի մատնանշած Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի 7/53 տեղամասին մէջ, ուր Հանրապետականը նախնական տուեալներով 95 տոկոս ձայն ստացած է, տրցակներու հաշուարկ չէ եղած։ Իոաննիսեանի պնդմամբ՝ թիւերը պարզապէս «նկարուել են» արձանագրութեան մէջ․ – «Տրցակները չեն հաշուել ու չեն էլ թողել, որ որեւիցէ մէկը հաշուի: Պարզապէս յայտարարել են ինչ-որ արդիւնքներ, ընդ որում յետոյ էլ էդ արդիւնքները փոխել են․ սկզբից յայտարարել են՝ «Ելք»-ը 26 ձայն, Հանրապետականը 430-440 ձայն, յետոյ որոշել են, որ էդ թիւն էլ ա շատ «Ելք»-ին, ու է՛լ աւելի են կրճատել: Արձանագրութեան մէջ գրել են «Ելք»-ը 10 ձայն, Հանրապետականը 448»:

Կեղծ դիտորդներ յայտնաբերած դիտորդները նշած են, որ այդ անձինք չէզոք ըլլալու փոխարէն հանդէս եկած էին որպէս Հանրապետականի վստահուած անձ, ուղղորդած են ընտրողներուն, անոնց տեղամասեր բերած։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան այս հարցի հետ կապուած «Ազատութեան» ըսած է, որ ահազանգերէն յետոյ երէկ դուրս հրաւիրած են կեղծ դիտորդներուն։ Մուկուչեանը նշած է, որ այս հարցին մէջ օրէնսդրական լուծման անհրաժեշտութիւն կայ։ Ըստ անոր, դիտորդական կազմակերպութիւնը իրենց  կը ներկայացնէ դիտորդներու ցանկը, բայց վկայականի վրայ կազմակերպութիւնը կը գրէ դիտորդի անուն ազգանունը․ – «Էստեղ խնդիրը հետեւեալն է: Նախ յետագայի հետ կապուած սանկցիաների կիրառման հնարաւորութիւն չկայ: Ըստ էութեան, որպէս օպերատիւ լուծում պահանջող հարց, երէկ անմիջապէս արձագանգը եղել է․ նման քաղաքացիները դուրս են հրաւիրուել տեղամասային կեդրոններից: Իսկ առաջիկայում Ընտրական օրէնսգրքի պահանջներին համապատասխան ԿԸՀ-ն նաեւ համապատասխան հաղորդագրութեամբ է հանդէս գալիս Ազգային ժողովում: Եւ ես կարծում եմ, որ այդ առումով կը լինի նաեւ առաջարկութիւն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմից, որպէսզի լինի այնպիսի օրէնսդրական լուծում կամ մեխանիզմներ, որը յետագայում բացառի նման երեւոյթների կրկնութիւնը կամ ի յայտ գալը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment