Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանը վստահութիւն յայտնած է, թէ ԱՄՆ սպասուող իր յառաջիկայ այցը նոր սկիզբ պիտի դնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար։
Թուրքիան զայրացած է սուրիացի քիւրտերը զինելու՝ ԱՄՆ-ի մտադրութենէն։ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարող քրտական ջոկատներուն Անգարան ահաբեկչական խմբաւորում կը համարէ։
Էրտողանը յոյս յայտնած է, թէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի հետ բանակցութիւնները, որոնք նախատեսուած են 16-17 Մայիսին, «շրջադարձային» կը դառնան ԱՄՆ-ի որոշման համար։
Այսօր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի մէջ պիտի բարձրացնէ նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ բնակող իսլամական գործիչ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման հարցը։
Թրքական իշխանութիւններու պնդմամբ, Կիւլէնը կանգնած է անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուած յեղաշրջման ետին։ Կիւլէնը, սակայն, կը հերքէ իր առնչութիւնը։