Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ՀՅԴ Նոր Դաշինքի Համաձայնագիր Ստորագրեցին

ՀՀԿ-ՀՅԴ Նոր Դաշինքի Համաձայնագիր Ստորագրեցին

by MassisPost

Հայաստանի հանրապետական եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւններն այսօր նախագահական նստավայրին մէջ ստորագրեցին քաղաքական դաշինք կազմելու մասին յուշագիր։

Դաշինքի յուշագրին մէջ ՀՀ վարչապետը առաջադրուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ, որ սպառիչ քաղաքական, իրաւական պատասխանն է այն մտահոգութիւններուն, թէ ինչ պիտի ըլլայ 2018-ին: «Այդ պատասխանները կտանք այդ ժամանակ, յատկապէս որ պատասխաններն էլ յստակ են եւ հիմնւում են Սահմանադրութեան վրայ»,- ՀՀԿ-ՀՅԴ կոալիցիոն յուշագրի ստորագրումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը յայտարարած էր, որ պատրաստ է 2018-էն յետոյ ալ ըլլալ վարչապետ, այդ մէկը հաստատուա՞ծ է։
Աշոտեանի խօսքով՝ նախորդ յուշագիրը հետընտրական էր, հետեւաբար ժամկէտային սահմանափակում ունէր:

«Նոր համաձայնագիրը լիարժէք կոալիցիոն համաձայնագիր է, որը լիարժէք համընկնում է ԱԺ լիազօրութիւնների հետ, խորհրդարանական հանրապետութեանը յատուկ բոլոր նոր էլեմենթներին։ Օրինակ՝ պարտաւորուել ենք Սահմանադրութիւնից բխող օրէնքների հարցում որդեգրել համագործակցութեան սկզբունքը»,- ըսած է Աշոտեանը:
Հարցին, թէ ԱԺ-ի ղեկավար կազմին մէջ ինչպէս պիտի արտացոլուի դաշինքը, Աշոտեանը նշած է, թէ կան յստակ մեխանիզմներ՝ որ քաղաքական ուժը քանի եւ ինչ տեսակ «պորտֆելներ» պէտք է ունենայ:

Թէ որո՞նք են  դաշինքի յուշագրի եւ նախորդ համաձայնագրի հիմնական տարբերութիւնները, ՀՅԴ-ական Աղուան Վարդանեանը նախ նկատած է, թէ այդ տարբերութիւնը տեսանելի կ’ըլլայ հրապարակուելիք լուսանկարներուն մէջ՝ վարչապետներու փոփոխութեամբ:
Իսկ անուանման տարբերութիւնները, ըստ անոր, կը բխին ՀՀ սահմանադրութենէն եւ ԱԺ կանոնակարգ օրէնքէն:
«Վերահաստատելով 16-ի փետրուարին կայացած համաձայնագրին հաւատարմութիւնը եւ դրանով ամրագրուած դրոյթների պատասխանատուութիւնը՝ փաստօրէն ինչ-որ առումով երկու իրար լրացնող փաստաթղթերի շարունակութիւն է, որը ուժի մէջ է մինչեւ 22թ.-ը: Այստեղ ներառուած են հիմնական անելիքները»,-ըսած է Վարդանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment