Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զբօսաշրջիկներու Շուրջ 98 Տոկոսը Հայաստանէն Գոհ ու Երջանիկ կը Մեկնին

Զբօսաշրջիկներու Շուրջ 98 Տոկոսը Հայաստանէն Գոհ ու Երջանիկ կը Մեկնին

by MassisPost

Այս տարուայ առաջին եռամսեակին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 18.23 տոկոսով, ինչը աննախադէպ աճ է: Այս մասին կառավարութեան երէկուան նիստէն ետք լրագրողներուն ըսած է Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանը:

«Մենք նպատակ ունենք մինչեւ այս տարեվերջ, շատ ամբիցիոզ է հնչում, բայց կրկնապատկել զբօսաշրջիկների թիւը: Այդ առումով հսկայական աշխատանք ենք տանում: 2016 թուականին էլ 2015-ի համեմատ 5.9 տոկոսով է աճել Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկների թիւը», ըսած է ան: Այս տարի ամենաշատ թիւով զբօսաշրջիկներ Հայաստան եկած են Իրանէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Չինաստանէն:

Անդրադառնալով Հայաստանի ճանապարհներու վատ վիճակին, ինչը խոչընդոտ կը հանդիսանայ նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման համար, Զարմինէ Զէյթունցեան ըսած է՝ 2013 թուականին իրականացուած զբօսաշրջային հետազօտութիւններու հիման վրայ պարզուած է, որ զբօսաշրջիկներու շուրջ 98 տոկոսը Հայաստանէն գոհ ու երջանիկ մեկնած են, միայն ճանապարհներու վատ վիճակէն դժգոհած են: 2013 թուականէն մինչեւ օրս այդ դժգոհութիւնը կայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment