Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կոչ Կ’ընէ Մասնակցելու Լոս Անճելըսի Մայիս 16-ի Ընտրութիւններուն

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կոչ Կ’ընէ Մասնակցելու Լոս Անճելըսի Մայիս 16-ի Ընտրութիւններուն

by MassisPost

ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան խորհուրդը (ՀԱԽ) Կոչ ըրաւ Լոս Անճելըսի որոշ շրջաններուն մէջ բնակող հայութեան` մասնակցելու Մայիս 16-ին տեղի ունենալիք երեք ընտրութիւններու:

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի 7-րդ ընտրաշրջանին մէջ, որ կ’ընդգրկէ Սանլէնտ եւ Թահունկա շրջանները, ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Մոնիքա Ռոտրիկէզին:

Որպէս երկարամեայ համայնքային գործիչ, Մոնիքա Ռոտրիկէզ իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցած է այս շրջաններէն, որոնք տարիներու ընթացքին անտեսուած են քաղաքապետարանի իրարյաջորդ անդամներուն կողմէ:

Մոնիքա Ռոտրիկէզի մրցակիցը` Կարօ Թորոսեան, թէեւ հայ մըն է,  սակայն ան կը գործակցի անհատներու հետ, որոնք կը գործեն Ամերիկահայ համայնքի շահերուն դէմ:

Լոս Անճելըսի Ուսումնական Խորհուրդի 4-րդ ընտրաշրջանէն ներս ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Սթիֆ Զիմըրին: Ան որպէս Ուսումնական Խորհուրդի նախագահ, մեծ աշխատանք կը տանի դպրոցներէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցման գծով:

Նոյն ուսումնական խորհուրդի 6-րդ ընտրաշրջանէն ներս ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ համայնքային գործիչ Իմէլտա Փատիային:

Այս առթիւ ՀԱԽ կը տեղեկացնէ թէ, Սթիֆ Զիմըրի եւ Իմէլտա Փատիայի մրցակիցները կը վայելեն աջակցութիւնը ուսուցիչներու խմբաւորումներու, որոնք կը ֆինանսաւորուին թուրք կրօնական գործիչ` Կուլէնի հետ առնչութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment