Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ամերիկեան Վերլուծաբաններու Կարծիքով ԼՂ Հակամարտութիւնը Կրնայ Սրուիլ

Ամերիկեան Վերլուծաբաններու Կարծիքով ԼՂ Հակամարտութիւնը Կրնայ Սրուիլ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ խորհրդարանի դերի մեծացումը որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վրայ, կը կարծեն ամերիկեան վերլուծաբանները: Այդ մասին հաղորդած է «Ամերիկայի ձայնը»։

«Կը կասկածիմ, որ խորհրդարանականները աւելի պատրաստ ըլլան խաղաղութեան հաստատման համար քան նախագահ Սարգսեանը: Հնարաւոր է նոյնիսկ՝ ընդհակառակը», – Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի փորձագէտ Սթիւըն Պլանքի խօսքով, խորհրդարանները աւանդաբար աւելի շատ կ’առաջնորդուին հանրային կարծիքով, քան կը ներազդեն անոր վրայ: Սակայն, հակամարտութիւնը սառեցուած վիճակի մէջ պահպանել այլեւս նոյնպէս հնարաւոր չէ.

«Բանակցային գործընթացի մէջ առաջընթաց չգրանցելու պարագային, պիտի աճի բռնութիւններու կրկնութեան հաւանականութիւնը, ինչպէս եղաւ մէկ տարի առաջ: Սակայն կողմերու ձեռքի զէնքերը այսօր շատ աւելի բարձրակարգ են, սա կրնայ յանգեցնել աւելի ծանր հետեւանքներու»:

Պլանքի կարծիքով, այսօր միջնորդներէն եւ ոչ մէկը, այդ շարքին նաեւ Միացեալ Նահանգները, հանդէս չի գար խաղաղութեան նոր նախագիծով, անտեսելով խնդիրի կարեւորութիւնն ու հնարաւոր պատերազմի հետ կապուած վտանգները.

«Իրավիճակը կրնար փոխուիլ, եթէ Միացեալ Նահանգները հանդէս գար խաղաղութեան ծրագրով՝ կողմերուն խրախուսելով քննարկել այն բանակցային սեղանի շուրջ, սակայն, այդ մէկը նոյնպէս տեղի չունենար»:

Քարնէկիի հաստատութեան վերլուծաբան Թոմ Տէ Վաալը, ընդգծելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման կարեւորութիւնը, նշած է նաեւ, որ այն թոյլ կու տայ բարելաւել տարածաշրջանի տնտեսական իրավիճակը: Մասնաւորապէս, խնդրի կարգաւորումը թոյլ կու տայ բարելաւել հայ-թրքական յարաբերութիւնները, որոնք սառեցուած կը մնան Ատրպէյճանի ջանքերով, նշած է Տէ Վաալը:

Սթիւըն Պլանքի խօսքով սակայն, Երեւանի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու բարելաւման համար Թուրքիան առաջին հերթին պէտք է հետեւի Գերմանիոյ օրինակին, որ փարատեց բոլոր կասկածները առաջինը ճանչնալով հրեաներու Ողջակիզումը.

«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման համար անհրաժեշտ է երկու հանգամանք, առաջինը՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորումը, եւ երկրորդը՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան լիակատար ճանաչումը»:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ նկատմամբ լիարժէք վստահութիւն չի կրնար ըլլալ եւ անոր համար ամենաբարձր գինը պիտի վճարէ ինքը՝ Թուրքիան, համոզուած է Սթիւըն Պլանքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment