Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Պաքուի մէջ Հայաստանի Յատուկ Ծառայութիւններու Հետ Համագործակցութեան Մեղադրանքով Զինուորականներու Խումբ Ձերբակալուած է

Պաքուի մէջ Հայաստանի Յատուկ Ծառայութիւններու Հետ Համագործակցութեան Մեղադրանքով Զինուորականներու Խումբ Ձերբակալուած է

by MassisPost

Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները ձերբակալած են զինծառայողներ եւ քաղաքացիական անձանց խումբ, որոնք կը մեղադրուին Հայաստանի գաղտնի ծառայութիւններու հետ գաղտնի համագործակցութեան մէջ։ Այդ մասին նշուած է 7 Մայիսին Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան, ներքին գործերու նախարարութիւններու եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան համատեղ յայտարարութեան մէջ՝ կը փոխանցէ TASS գործակալութիւնը։

Ինչպէս նշուած է՝ միջոցներու արդիւնքով, որոնք ձեռնարկուած են Ատրպէյճանի ՊՆ եւ Թերթերու՝ բնակավայրերու դէմ Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններու մարմիններու կողմէ պատրաստուող լայնածաւալ սադրանքներու մասին տուեալներու վրայ, պարզուած է, որ զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձանց խումբը ներգրաւուած եղած է հակառակորդի հետախուզութեան հետ համագործակցութեան եւ տարբեր ժամանակներու ընթացքին անոր տրամադրած տեղեկութիւններ, որոնք ռազմական գաղտնիք են:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ «անյետաձգելի քննչական գործողութիւններու արդիւնքով կանխուած է Պաքուի հանրային վայրերու մէջ  ահաբեկչական գործողութիւնը»։ Ատրպէյճանի զինուորական դատախազութեան մէջ քրէական գործ յարուցուած է։ Անոնց դէմ խափանման միջոց  ընտրուած է կալանաւորումը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment