Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ինչպէս 1994-ին, Այնպէս Ալ 2016-ի Ապրիլին Պաքուն Ստիպուած էր Դիմել Մոսկուայի Միջնորդութեան. Լեւոն Մնացականեան

Ինչպէս 1994-ին, Այնպէս Ալ 2016-ի Ապրիլին Պաքուն Ստիպուած էր Դիմել Մոսկուայի Միջնորդութեան. Լեւոն Մնացականեան

by MassisPost

Հակառակորդի՝ արցախեան հիմնահարցը ուժի դիրքերէ լուծելու բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողման: Այս մասին Մայիս 5-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, գեներալ-լեյտենանտ Լեւոն Մնացականեանը:

Արցախի ՊԲ-էն NEWS.am-ին յայտնած են, որ մայիսեան եռատօնի նախաշեմին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մեկնարկին ողջունելով ներկաները, բանակի հրամանատարը համառօտ ներկայացուցած է պաշտպանութեան բանակի 25-ամեայ պատմութեան կազմաւորման եւ անցած մարտական ուղիի փառաւոր պատմութիւնը:

Այնուհետեւ Լեւոն Մնացականեան անդրադարձած է նախորդ տարուայ ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան դէմ հակառակորդի կողմէ ձեռնարկուած յարձակումին՝ նշելով, որ հակառակ անոր, որ հակառակորդը գործողութեան մէջ դրած էր իր ողջ զինանոցը, պաշտպանութեան բանակը յաջողած էր տապալել ատրպէյճանական կողմի բոլոր ծրագիրները, եւ ինչպէս 1994-ի մայիսին, այնպէս ալ 2016-ի ապրիլին Ատրպէյճանը հարկադրուած էր դիմել պաշտօնական Մոսկուայի միջնորդութեան՝ հրադադար հաստատելու խնդրանքով:

Իր խօսքին մէջ բանակի հրամանատարը նշած է նաեւ 2016-ի Ապրիլէն ետք  առաջնագիծին կատարուած հսկայածաւալ կահաւորման, ամրաշինական աշխատանքներու եւ ներդրուած նորագոյն  արհեստագիտութեան ՝ վստահեցնելով, որ պաշտպանութեան բանակը այսուհետ եւս ի զօրու է պատուով կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ ապահովել մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու խաղաղ գոյակցութիւնը: Իսկ հակառակորդի՝ արցախեան հիմնահարցը ուժի դիրքերէ լուծելու բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողման:

Հանդիպման աւարտին բանակի հրամանատարը պատասխանած է լրագրողներուն հետաքրքրող բազմաբնոյթ հարցերուն, որոնք հիմնական վերաբերած էին մօտ ապագային պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան, բանակի  ապահովման, նոր սպառազինութեան եւ զինամթերքի  ձեռքբերման, սահմանին տեսադիտարկման սարքերու ներդրման ու անոնց շահագործման, զինծառայողներու սոցիալ-կենցաղային պայմաններու բարելաւման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment