Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» Կազմակերպութիւնը Կրկին կը Քննադատէ Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները

«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» Կազմակերպութիւնը Կրկին կը Քննադատէ Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները

by MassisPost

Աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան խնդիրներով զբաղուող ամենահեղինակաւոր կառոյցներէն մէկը` «Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» կազմակերպութիւնը, կրկին կոշտ քննադատութիւն հնչեցուցած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հասցէին:

Կազմակերպութիւնը պաշտօնական Պաքուին քննադատող հերթական յայտարարութիւնը տարածած է Մայիս 3-ին, որ աշխարհի մէջ կը նշուի որպէս Մամուլի ազատութեան միջազգային օր:

«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» կազմակերպութեան յայտարարութեան հրապարակման առիթը ատրպէյճանական ամենաազդեցիկ ընդդիմադիր կայքերու արգելափակումն է, որ կը շարունակուի արդէն հինգ շաբաթէ ի վեր:

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի ատրպէյճանական ծառայութեան, «Մէյտան TV», «Ազատլըղ» թերթի, ինչպէս նաեւ Azerbaijan Saati եւ «Թուրան TV» կայքերու արգելափակումը Ատրպէյճանի տարածքին մեկնարկած է 27 Մարտին:

Դիմելով այս քայլին` Ատրպէյճանի տեղափոխութեան, կապի եւ բարձր թեխնոլոկիաներու նախարարութիւնը մատնանշած է վերջերս հաստատուած օրէնսդրական լրացումները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան պետական մարմիններուն դիմել կայքերու «կանխարգելիչ արգելափակման», եթէ անոնք «վտանգ կը ներկայացնեն պետութեան եւ հասարակութեան համար»:

Այժմ արդէն ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը փորձեն դատական կարգով ամրագրել ընդդիմադիր կայքերու արգելափակումը երկրի տարածքին` դիմելով Պաքուի Սապաիլի շրջանային դատարան:

«Արգելափակելով առաջատար հինգ լրատուական կայքերը` Իլհամ Ալիեւի կառավարութիւնը կը վերացնէ Ատրպէյճանի մէջ լրատուամիջոցներու ազատութեան վերջին նշոյլները», – յայտարարած է «Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժնի ղեկավար Ճոն Պիրնը:

«Իշխանութեան քննադատներու հետապնդումները կը շարունակուին թէ՛ համացանցի մէջ, թէ՛ համացանցէն դուրս` հասնելով անգամ տարագրութեան մէջ գտնուող ընդդիմադիրներուն», – նշած են «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները՝ ընդգծելով. – «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է վերջ տայ ատրպէյճանական կառավարութեան անպատժելիութեան` պատասխանատուութեան ենթարկելով պաշտօնական Պաքուին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագրի եւ ՄԱԿ-ի քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին համաձայնագրի դրոյթները շարունակաբար խախտելու համար»:

«Համացանցին մէջ գրաքննութիւն հաստատելով, ատրպէյճանական մամուլը կը յայտնուի Իլհամ Ալիեւի լիակատար վերահսկողութեան ներքոյ», – պնդած են «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները` նշելով, որ ատրպէյճանից լրագրողներու դէմ ճնշումները շարունակուած են նաեւ այն պահուն, երբ կը գրուէր իրենց յայտարարութեան թեքսթը:

«Այս յայտարարութեան հրապարակումէն մէկ օր առաջ Պաքուի մէջ 30-օրեայ կալանքի դատապարտուած է «Քանալ13» առցանց հեռուստաընկերութեան ղեկավար Ազիզ Օրուճովը», – նշած են կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment