Երկուշաբթի, Մայիս 1-ին, Քաղաքապետական Խորհուրդի յատուկ նիստի ընթացքին Կլէնտէլի նոր քաղաքապետ ընտրուեցաւ Վարդան Կարապետեան` փոխարինելով Փոլա Տըվայնին:
Այս առթիւ, երդում տալով իր պաշտօնը ստանձնեց Խորհուրդի նորընտիր անդամ Վրէժ Աղաճանեանը: Նոյնպէս, երդում տալով իրենց պաշտօնները վերստանձնեցին` Արա Նաճարեան եւ Զարեհ Սինանեան, որոնք վերընտրուած էին Ապրիլին կայացած ընտրութիւններու ընթացքին:
Վարդան Կարապետեանի պաշտօնավարման շրջանը մէկ տարի է: