Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփի Առաջին Հարիւր Օրը

Թրամփի Առաջին Հարիւր Օրը

by MassisPost

Լրացաւ Տանոլտ Թրամփի պաշտօնավարման հարիւր օրը: Այս առթիւ լրատուամջոցներն ու քաղաքական  մեկնաբանները զբաղած էին հաշուեկշիռ կատարելով  Ամերիկայի 45-րդ նախագահի  արձանագրած յաջողութիւններու  եւ ձախողութիւններու  մասին, գալով այն եզրակցութեան, որ Թրամփ չկարողացաւ իրագործել նախընտրական  իր հիմնական խոստումներէն որեւէ մէկը, իսկ Սպիտակ Տունէն ներս սկանտալները անպակաս եղան` անցնող երեք ամիսներու ընթացքին:

Թրամփ  խոստացած էր բեկանել նախագահ Օպամայի առողջապահական օրինագիծը եւ զայն փոխարինել մէկ ուրիշով: Այդ խոստումը ցարդ կը մնայ անիրագործելի, առաջին հերթին Գոնկրէսի հանրապետական մեծամասնութեան մէջ ծագած տարակարծութիւններուն պատճառաւ:   Մեծահարուստներու շահատուրքերը  նուազեցնելու ծրագիրը եւս կը մնայ թուղթի վրայ: Մեքսիքայի հետ սահմանի երկայնքով պատ կառուցելու խոստումը եւս կը մնայ անիրագործելի, քանի որ Գոնկրէսը չուզեր միջոցներ յատկացնել այդ նպատակին համար, իսկ Մեքսիքան կտրականապէս կը մերժէ մասնակից ըլլալ խեղկատակութեան:

Իսլամական շարք մը երկիրներու քաղաքացիներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլող Թրամփի ստորագրած նախագահական հրամանագիրերը դատարաններու կողմէ առկախուեցան` որպէս հակասահմանադրական:

Տակաւին անորոշ կը մնան բազմաթիւ այլ խոստումներու ճակատագիրը, քանի որ Թրմափ չունի անհրաժեշտ հեղինակութիւնը ու փորձառութիւնը, իր ծրագիրները արժանացնելու  օրէնսդիր մարմիններու հաւանութեան:

Այս բոլորէն անկախ, Թրամփի ընտրարշաւի պատասխանատուները  յայտնուեցան  Էֆ.Պի. Այ.-ի կողմէ քրէական հետաքննութեան տակ` Ռուսաստանի հետ գաղտնի կապեր հաստատելու եւ ընտրութիւններու ընթացքին վրայ ազդելու մեղադրանքով:

Այս  միջոցին Թրամփ յաջողեցաւ յարաբերութիւնները խանգարել Ամերիկայի բարեկամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ, ռմբակոծել Սուրիան,  սրել  կացութիւնը ու հիւլէական պատերազմով սպառնալ Հիւսիսային Քորէային:

Մէկ խօսքով, Թրամփի առաջին հարիւր օրերը եղան այնպէս ինչպէս կը նախատեսուէր: Անհաւասարակշիռ ու անփորձառու նախագահ մը, որ կարճ ժամանակի ընթացքին Ամերիկան  դարձուց աշխարհի ծիծաղի առարկան, չկարողանալով  ընկալել  իր  ստանձնած պաշտօնի լրջութիւնը:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment