Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ-ն եւ «Հայազնը» Միաւորուեցին Մէկ Դրօշի Ներքոյ. Ընդունուած է Մանիֆեստ

ՍԴՀԿ-ն եւ «Հայազնը» Միաւորուեցին Մէկ Դրօշի Ներքոյ. Ընդունուած է Մանիֆեստ

by MassisPost

Երէկ տեղի ունեցած է աշխատաւորի իրաւունքներուն նուիրուած խորհրդաժողով, որու ընթացքին Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան  եւ «Հայազն» կուսակցութիւնները յայտարարած են միացեալ քաղաքական խորհուրդ ձեւաւորելու եւ ընդհանուր օրակարգ մշակելու մասին` ՍԴՀԿ դրօշի ներքոյ։ Միաւորումէն ետք քաղաքական խորհուրդը պիտի գործէ որպէս կուսակցութեան մաս կազմող մարմին։ Այդ առիթով խորհրդաժողովը ընդունած է 6 կէտանի մանիֆեստ։

«Հայազն» կուսակցութեան վարչութեան անդամ Արմէն Մկրտչեան իր ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ այսօր տօնի հոտը չզգացուիր, քանի որ ամէն քայլափոխի մարդու աշխատանքի իրաւունքներու խախտումներ են, որու արդիւնքով մարդիկ վերմակով եւ տոշակով կ’արտագաղթեն. «ՍԴՀԿ հետ մենք մի կողմ ենք թողել մեր կուսակցական ամպիցիաները ու հպարտութիւնը եւ միաւորուել մէկ դրօշի ներքոյ ու քայլում ենք առաջ»։ Դահլիճը սկսած է ծափահարել։
Ան յայտարարած է, որ հպարտօրէն կանգնած է երեք դրօշի առաջ` Եռագոյն, Հայազնի եւ ՍԴՀԿ։

ՍԴՀԿ ատենապետ Նարեկ Գալստեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ չուզեր ինքնագովազդով զբաղուիլ, սակայն կ’ուզէ նշել, որ այսօր քաղաքական կարեւորագոյն գործընթաց տեղի կ’ունենայ. «Այն, որ երկու քաղաքական ուժ միաւորւում են ոչ թէ նախընտրական շրջանում, այլ այդ գործընթացներից դուրս, եւ նպատակը գաղափարական միաւորումն է, քաղաքական մտքի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ է: Մենք միաւորւում ենք, քանի որ մեր ուշադրութեան կեդրոնում ՀՀ-ն ու հայ ժողովուրդն է։ Մեղաւոր է ոչ միայն իշխանութիւնը, այլեւ ընդդիմութիւնը, որ այդպէս էլ ինստիտուցիոնալ ու ծրագրային ընդդիմութիւն չձեւաւորուեց. մինչ օրս եղածները միայն ասում էին` դու գնայ, որ ես գամ։ Իսկ մենք` Հայազնի հետ միասին լուծելու ենք այդ խնդիրը։ Աւելի ողբերգական քաղաքական օրակարգ, քան ապրիլեան ընտրութիւններին, չէր եղել, այն, որ ասում էին` ես աւելի շատ միլիոնների ներդրում կը բերեմ, քան դու։ Սա էր, դրա համար հասարակութիւնը ձայն տուեց ՀՀԿ-ին։ Մենք մեր օրակարգով ենք առաջնորդուելու եւ պաշտպանելու ենք հիմնականում աշխատանքի իրաւունքը, որի համար կը ձեւաւորենք խորհուրդ, որը կը ղեկավարի Արմէն Մկրտչեանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment