Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Էրտողանը Հնդկաստան կը Մեկնի՝ Ցեղասպանութեան Մեղքը Խիղճին». The New Indian Express

«Էրտողանը Հնդկաստան կը Մեկնի՝ Ցեղասպանութեան Մեղքը Խիղճին». The New Indian Express

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանին երէկ Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ ընդունած է վարչապետ Նարենտրա Մոտին:

Երկու ղեկավարները քննարկած են քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ հակաահաբեկչական պայքարին առնչուող հարցեր:

Մինչդեռ, ինչպէս «The New Indian Express» պարբերականի մեկնաբան Ռիտու Շարմանն է նշած է, «Էրտողանը Հնդկաստան կը մեկնի՝ Ցեղասպանութեան մեղքը խիղճին»:

Վերլուծաբանները յիշեցուցած են, որ ընդամէնը օրեր առաջ՝ 25 ապրիլին, Հնդկաստանի փոխնախագահ Մուհամմատ Համիտ Անսարին Երեւանի մէջ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

«Սա ողբերգութիւն է, աննկարագրելի տառապանք, որ մարդիկ մարդկանց  պատճառած են», – ըսած է Հնդկաստանի փոխնախագահը:

Հնդիկները լաւ կը գիտակցին, որ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ կը զայրացնեն թուրքերուն, որոնք կտրականապէս կը մերժեն հայերուն կոտորելու փաստը:

Նիւ Տելհիի քաղաքական շրջանակներէն ներս կ’ենթադրեն, որ այն Անգարային հասցէագրուած անուղղակի, բայց ցաւոտ ուղերձ է, Հնդկաստանին կը զայրացնէ Քաշմիրի տարածքի շուրջ խճճուած վէճին մէջ Փաքիստանին սատարելու Թուրքիոյ դիրքորոշումը:

Նիւ Տելհիի մէջ մտադիր են Էրտողանին դժգոհութիւն յայտնել այն կապակցութեամբ, որ թրքական կողմը տնտեսական միջոցներ եւ մասնագէտներ տրամադրած է Փաքիստանի կողմէ հսկուող Քաշմիրի ենթակառուցուածքներու զարգացման համար:

Դիւանագիտական յաջորդ հարուածը՝ Էրտողանի այցէն ժամեր առաջ Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անաստասիատէսին Նիւ Տելհիի մէջ ընդունիլն է: Նարենտրա Մոտին յստակ ըսած է, որ Հնդկաստանը կը սատարէ Կիպրոսի ինքնիշխանութեան:

Նշենք նաեւ, որ 3 մայիսին Էրտողան պիտի մեկնի Սոչի, ուր պիտի հանդիպի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment