Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուայի Մէջ Հանդիպած են Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարները

Մոսկուայի Մէջ Հանդիպած են Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարները

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ երէկ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամետեարովի աշխատանքային հանդիպումը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպումին շարունակուած են քննարկումները ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը առաջ մղելու շուրջ: Ընդգծուած է Վիեննայի եւ Ս․ Փեթերսպուրկի մէջ 2016-ի Ապրիլին եւ Յունիսին կայացած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները երախտագիտութիւն յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳ նախարարին` ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման աջակցելուն ուղղուած շարունակական ջանքերու համար: Նախարարները պայմանաւորուած են շարունակել շփումները քննարկուած բոլոր հարցերու առնչութեամբ:

Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք անոնց միացած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Կայացած է մտքերու փոխանակում` ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment