Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելըսի Մէջ Տասնեակ Հազարաւոր Հայեր Մասնակցեցան Արդարութեան Քայլարշաւին

Լոս Անճելըսի Մէջ Տասնեակ Հազարաւոր Հայեր Մասնակցեցան Արդարութեան Քայլարշաւին

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին առթիւ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայաշատ  քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան պահանջատիրութեան նուիրուած տարբեր տեսակի միջոցառումներ:

Տասնեակ հազար հայերու մասնակցութեամբ, Լոս Անճելոսի մէջ այս տարի եւս տեղի ունեցաւ «Արդարութեան Քայլաշարշաւ», նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Միացեալ Մարմնին եւ մասնակցութեամբ հայկական 18 գլխաւոր կազմակերպութիւններուն:

Առաւօտեան ժամը 11:00-ին համաժողովրդային մէկտեղում-հաւաքն սկսաւ «Փան Փասիֆիք» զբօսայգիին մէջ, ներկայութեամբ հայ չորս հոգեւոր առաջնորդներու, քաղաքական ղեկավարներ եւ եւ տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու: Այստեղ հայ ժողովուրդը արդար դատին ի նպաստ զօրակցական ելոյթներով հանդէս եկան Լոս Անճելոսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներ Փոլ Գրիգորեան եւ Տէյվիտ Ռիու:

Այնուհետեւ արդարութեան քայլարշաւն սկսաւ անցնելով Ողջակիզման թանգարանի (Holocaust) առջեւէն եւ Պէվըրլի Հիլզի գլխաւոր պողոտաներէն երկու քիլոմեթր ճամբան կտրելով, ցեղասպանութիւնը դատապարտող լոզունգներով ու պաստառներով հասաւ թրքական հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ: Այստեղ գործադրուեցաւ պահանջատիրական  յայտագիր մը, որ սկսաւ չորս հոգեւոր առաջնորդներու հաւաքական «Հայր Մեր» երգեցողութեամբ եւ ապա ԱՄՆ եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Հայ ժողովուրդի անժամանցելի արդար դատին եւ ցեղասպանութեան դատապարտման պահանջատիրական ելոյթներ ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչները՝ Սիլվա Խաչիկեան, Ռաֆֆի Համբարեան եւ Արմիկ Խոտանեան: Իսկ Երիտասարդութեան պատգամն ուղղեց Ռաֆֆի Ուրֆալին:

Ելոյթներու ընթացքին եւ աւարտին բազմահազար ամբոխը, որուն մէջ, կը նշմարուէին նաեւ ասորիներ, յոյներ եւ այլ ազգերու, ներկայացուցիչներ հայրենասիրական եւ ցեղասպանութիւնը դատապարտող վանկարկումներ կատարեցին: Անոնք կը դատապարտէին Արցախի ազատատենչ ժողովուրդին վրայ կատարուած ազերիներու բարբարոսական արարքները:

Պահանջատէր հայ ժողովուրդի անյետաձգելի դատին ի նպաստ կուռ ելոյթներ ունեցան Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆ, Գալիֆորնիոյ փոխ կառավարիչ Գալին Նիում, Լոս Անճելոս քաղաքապետութենէն Փոլ Քորենց եւ Լոս Անճելոսի դպրոցներու Խորհուրդի նախագահ Սթիվ Զիմմըր:

Փոխն ի փոխ պատշաճ ելոյթներ ունեցան օրուան հանդիսավարներ Հրաչ Աւետեան եւ Լարա Արմանի: Իսկ գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչներ Ժոզէֆ Գրիգորեան, Արմէնչիկ, Մարիա Գօզեթ եւ Յարութ Բամպուքճեան:

Այս տարուան քաղաքական այս մեծագոյն հանրահաւաքէն ետք հայութիւնը թեւակոխած է նոր հանգրուան մը: Ասկէ ետք շեշտը պիտի դրուի հատուցման պահանջներուն վրայ, թէ° թրքական եւ թէ° միջազգային ատեաններու միջոցով:

*******

Միացեալ  Հայ Երիտասարդացի Միջոցառումը

երիտասարդական Միացեալ Մարմնի կողմէ Ապրիլի 23ին, կ.ե. ժամը 6:00ին Կլենտէյլի Քաղաքապետարանին կից տարածքին վրայ, կազմակերպուած էր մոմավառութեան եւ հսկումի արարողութիւն:

Յաջորդ օրն ալ Ապրիլի 24ին, առաւօտեան ժամը 10:00ին Լոս Անճելոսի «Լիթըլ Արմենիա» թաղամասին մէջ կայացաւ բազմամարդ քայլարշաւ, որուն ներկայ եղան եւ խօսք առին պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

march-1 IMG_1354 9Q4A1126 9Q4A1148 9Q4A1160 9Q4A1254 9Q4A1156 9Q4A1231 9Q4A1171 9Q4A1196 9Q4A1236 9Q4A1280

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment