Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Համահայկական Նուագախումբի Անդրանիկ Համերգը Նուիրուած Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Համահայկական Նուագախումբի Անդրանիկ Համերգը Նուիրուած Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

Համահայկական նուագախումբը իր գործունէութիւնը սկսած է Երկուշաբթի, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի և պալեթի թատրոնին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան եւ ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգով:

Ի դէպ, ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած էր Տիգրան Մանսուրեանի «Պոէմ յաղթանակի» խորագրով նոր ստեղծագործութիւնը, որ Երկուշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած համերգի ընթացքին հնչեց առաջին անգամ:

Համերգի ծրագիրը բաղկացած էր բացառապէս հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններէ․ հնչեցին Արամ Խաչատրեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Էտուարտ Միրզոյեանի, Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Էտկար Յովհաննիսեանի, Ղազարոս Սարեանի, Առնօ Պապաճանեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները:

Համահայկական նուագախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են 90 հայ երաժիշտներ, որոնցմէ 70-ը հրաւիրուած են աշխարհի աւելի քան 20 երկիրներէ: Անոնց մեծ մասը, ի դէպ, հանդէս կու գայ աշխարհի հեղինակաւոր նուագախումբերուն հետ:

«Ազատութեան» հետ զրոյցին անոնք ընդգծած էին, որ այսպիսով իրենք ալ կը դառնան մեր հայրենիքի մէկ մասնիկը, թէեւ այլ երկիրներ կ’ապրին:

«Այլեւս միանանք եւ մէկ մարմին ըլլանք ու բոլորս միասին ցոյց տանք, որ մեզ ոչ ոք այստեղ չի կրնար անջատել», – ըսած է Պոխումի (Գերմանիա) սիմֆոնիք նուագախումբի առաջին ալթ Լուիզա Սպան-Սարգսեանը:

Փորթուկալ  բնակող ջութակահարուհի Նարինէ Տելալեան ըսած է․ – «Երբ ստացայ այս հրաւէրը, մեծ ոգեւորութեամբ, մեծ յուզմունքով ընդունեցի: 102 տարի յետոյ այս մեծ համերգով մենք, կը կարծեմ, եւս մէկ անգամ պէտք է նշենք մեր յաղթանակը, մեր պատմութեան մէջ եղած այդ արհաւիրքէն յետոյ, երբ մենք 102 տարի յետոյ կանք, պիտի լինենք եւ, Աստուած տայ, շատանանք»:

Նշենք նաեւ, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած Համահայկական նուագախումբի առաջին համերգը իրար փոխարինելով կը ղեկավարէին մեր լաւագոյն խնբավարները՝ Յովհաննէս Չէքիճեանը, Կոնստանդին Օրբելեանը, Էտուարտ Թոփչեանը, Կարէն Տուրկարեանը եւ այլք:

Նուագախումբի հիմնական խմբավարներէն Էտուարտ Թոփչաեն ըսած է․ – «Սկզբից շատ դժուար իրագործելի էր թուում այս գաղափարը, բայց հիանալի է հիմա: Մեր մտածմունքը արդէն նա է, որ կարողանանք լաւ համերգ անել»։

«Մենք հաւաքուել ենք շատ կարճ ժամանակահատուածում, եւ պատկերացրէք ինչքան տաղանդ եւ էներկիա պէտք է դրուի, որ այդ կարճ ժամանակահատուածում ասել, որ հնարաւոր է ունենալ արդիւնք: Բայց այդ արդիւնքը ունենալուց յետոյ պէտք է այդ արդիւնքը զարգացնել»:

Համերգին մասնակցած էին նաեւ հայրենի լաւագոյն մենակատարներէն Յասմիկ Պապեանը, Յասմիկ Թորոսեանը, Լիպարիտ Աւետիսեանը եւ ուրիշները:

Նախատեսուած է , որ Համահայկական նուագախումբը տարուայ ընթացքին հանդէս գայ նաեւ այլ երկիրներու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment