Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկներ՝ Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Պոլսոյ Մէջ

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկներ՝ Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Պոլսոյ Մէջ

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ  հայ աւանդական երեք կուսակցութիւններուն, Պէյրութի  գլխաւոր «Նահատակաց» հրապարակին վրայ   տեղի ունեցած է ոգեկոչման  միջոցառում: Հայոց Ցեղասպանութեան  102-րդ տարելիցին առթիւ տեղի ունեցած միջոցառման ներկայ  եղած եւ խօսք առած են՝ ՍԴՀԿ, ՀՅԴ  եւ ՌԱԿ կուսակցութեանց, ինչպէս  նաեւ  Հայ  Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդները: Օրուան   աւարտին    ելոյթ ունեցած է հայրենի երգչուհի Զարուհի Պապայեան:

hollande-24-2

Ֆրանսայի մէջ, նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ղեկավարներու, ֆրանսացի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու եւ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Փարիզի Գանատայի հրապարակին վրայ Կոմիտասի յուշարձանի մօտ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի միջոցառում:

Ներկաները Հոլանտի գլխաւորութեամբ ծաղիկներ խոնարհած են Կոմիտասի յուշարձանին: «Ես այստեղ եմ` լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Մենք այսօր քաղաքացիական  եւ հանրապետական զգօնութեան կոչ պէտք է ընենք: Յիշողութեան պայքարը մեր հիմնական գործողութիւնն է, պայքար` պատմական աղաւաղումներու դէմ: Մեծ մտածողները արդէն 100 տարի է հանդէս եկած են ցեղասպանութիւններու դէմ: Սա Ֆրանսայի համերաշխութիւնն է հայ ժողովուրդին, որ յիշած եմ նաեւ դէպի Հայաստան իմ ճանապարհին»,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով, որ Ֆրանսան երբեք պիտի չդադարի խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

macron-24-1

24 Ապրիլին Կոմիտասի յուշարձան այցելած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու, ընտրութիւններու առաջին փուլին առաւելագոյն ձայներ ստացած, «Յառաջ» շարժման առաջնորդ Էմանուէլ Մաքրոնը: «Ֆրանսայի հայերն ու հայուհիները իրենց ներդրումը ունեցած են մեր պատմութեան կերտման մէջ»,- թվիթրեան իր էջին գրած է Մաքրոն եւ տեղադրած Փարիզի մէջ Կոմիտասի յուշարձան այցելութեան լուսանկարը:

bolis-1

Պոլսոյ մէջ նոյնպէս մեկնարկած է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի միջոցառում: Առաւօտեան, Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասը գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն նուիրուած հոգեհանգստեան կարգ:

Աւելի ուշ, մարդիկ հաւաքուած են Պոլսոյ կեդրոնական Պէյօղլու թաղամասի Թիւնէլ հրապարակը:

Մոմավառութեան եւ նստացոյցի մասնակցած են հարիւրաւոր հայեր, թուրք եւ քիւրտ մտաւորականներ, գրող-հրապարակախօսներ եւ մշակութային ու քաղաքական գործիչներ:

Մինչ այդ յիշատակի արարողութիւն կատարուած է 14 Ապրիլ 2011թ.-ին թրքական բանակի մէջ պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճըի գերեզմանի մօտ` Պոլսոյ   շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment