Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Կրնայ «Կարմիր Սուլթան»ի Վերածուիլ

Էրտողան Կրնայ «Կարմիր Սուլթան»ի Վերածուիլ

by MassisPost

 Թուրքիոյ մեծ քաղաքները մերժեցին Էրտողանի «կոչ»ը

Սագօ Արեան

Սահմանադրական բարեփոխումներ կայացնելով Էրտողան եւ իր վարչախումբը  վերջին գամը կը զարնէին  «ժողովրդավարական Թուրքիա» հասկացութեան վրայ:  Խորքին մէջ Էրտողան իր այս քայլերով նպատակ դրած էր ստեղծել նոր Թուրքիա մը, իսլամական եւ նէօ-օսմանեան դիմագիծով: Անշուշտ այս հանրաքուէին   հիմնական «թիրախ»ը Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթուրքն ու անոր ստեղծած    Թուրքիան էր, որ  1920-էն ի  վեր  չէր կարողացած  իր մեծ աւազանին մէջ   ձուլել երկրի տարբեր եւ իրար հետ անհաշտ եւ թաքուն լարուածութիւն  ապրող տարբեր  համայնքները:

Թուրքիոյ մէջ  խնդիր  յարուցողը դաւանական տարբերութիւնները չէին միայն, այլ կար էթնիք  տարբերութիւններու մեծ ծիր մը, որ տարբեր պարագաներու տակ կը դառնար երկրի  կայունութիւնը  խանգարող հանգամանք:

Ինչպէս  2015-ի ընտրութիւնները (յատկապէս    ընտրութիւններու առաջին փուլը), այս հանրաքուէն ալ կարելի է համարել վիճարկելի եւ  վիժեալ ծնունդ: Ընտրողներու 51.4 առ հարիւրով «ամրագրուած»  «Այո՛»ն հեռու էր Թուրքիոյ նախագահին պահանջէն: Ու բնական է նաեւ, որ այս պայմաններու  տակ նոյն Էրտողանի առաջին քայլը պիտի ըլլար, արդէն  երրորդ անգամ ըլլալով,  երկարաձգել երկրին մէջ գործող «արտակարգ դրութեան» կարգավիճակը:

Այդ մօտեցումն ինքնին կը մատնէր, որ Անգարայի գլխաւոր տէրը լուրջ կասկածներ  ունի  գետնի վրայ ընթացող  գործընթացներուն վերաբերել եւ իր քայլով կը հաստատէր, թէ իր համար բաւական մտահոգիչ էր բարեփոխումներուն ի նպաստ քուէարկած «Այո՛»ին ու ոչ միայն  բարեփոխումներուն, այլ  Էրտողանին «Ո՛չ»  ըսած մասաններուն միջեւ առկայ նօսր տարբերութիւնը Հայրենի քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեան հանրաքուէի ընդհանուր պատկերին մասին խօսելով կարեւոր նկատողութիւն մը կատարած էր:  Շիրինեան տարբեր մասերու բաժնած էր Թուրքիոյ հասարակութիւնը եւ հիմնաւորելով այդ հատուածներուն իւրաքանչիւրին հանրաքուէին «Այո՛» կամ «Ո՛չ» քուէարկած ըլլալու  փաստը կ’ըսէր «Թուրքիոյ ներքին միասնականութիւնը թոյլ է, հասարակութիւնը ներքին պառակտում կայ, բան մը, որուն մասին  կը վկայէ  հանրաքուէի նախնական արդիւնքները: Գրեթէ 50 տոկոսի ծիրին մէջ եղած է յաղթանակը: Փոփոխութիւններու օգտին քուէարկածներէն շատ քիչ պակաս է դէմ քուէարկողներու թիւը, որ հակասութիւն կը ստեղծէ:Քիչ թէ շատ զարգացած քաղաքներու մէջ մարդիկ ժողովրդավարութիւն կ’ուզեն, իսկ գաւառին մէջ առաւելապէս անտարբեր են: Եւրոպական մասն է, որ կը վախնայ բռնապետութենէ, բան մը, որ Թուրքիոյ մէջ հաւանական է: Վախնալու շատ բան ունին քիւրտերը. ներքին լարուածութիւնները կը բերեն թրքական ցեղասպանութեան փորձի: Պէտք է հաշուի առնել այն հանգամանքը, որ Թուրքիա կը կոչուի մշակութապէս, քաղաքակրթօրէն ճաքած երկիր, այստեղ հակասութիւնները շատ տարբեր են մշակոյթներ ունեցող ժողովուրդներու միջեւ, իսկ այդ ներքին անկայունութիւն կը ծնի: Երկիրը պիտի ձգտի կայունութեան, բայց կեդրոնախոյս եւ կեդրոնաձիգ ուժերու պայքար պիտի ծնի: Մէկ բան յստակ է՝ քաղաքն ու գիւղը կը հակադրուին՝ քաղաքը ժողովրդավարութեան կողմնակիցն է, իսկ գիւղը հետեւեցաւ Էրտողանին: Եթէ Էրտողան յաջողի կեդրոնացնել իշխանութիւնը, դժուարութիւնները յաղթահարէ, բան մը, որ ան կը յաջողի իրագործել թէկուզ սուր ու թուրով, ուրեմն մեր կողքը կ’ունենանք խիստ կանխատեսելի, կայսերական յաւակնութիւններով, Հայաստանի համար վտանգաւոր պետութիւն մը»: Շիրինեան   այս կարեւոր փաստարկները  լոյսին բերելէ  բացի  կը յանգի այն եզրակացութեան, ըստ որուն «Թուրքիոյ մէջ կը հաստատուի միապետական ռեժիմ»:

  «Սուլթանի»  արտաքին  քաղաքականութիւնը
Վերջին  ամիսներուն   Եւրոպայի  առաջատար երկիրներուն  դէմ իր ուղղած  մեղադրանքներէն ետք, Էրտողանի Թուրքիան մտած է այնպիսի փուլ մը, որ     դարձած է այդ երկրի մեկուսացման տանող երեւելի «ֆաքթէօր»: Այսպէս Էրտողան, որ անխնայ կերպով կը քննադատէ Պերլինի, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ եւ այլ երկիրներու ղեկավարները իր գրաւը դրած է իսլամական աշխարհին բացուելու  քաղաքականութեան վրայ:

Այս առումով եթէ արագ հայեացք մը նետենք Թուրքիոյ մէջ  2005 թուականէն սկսեալ   աճ գրանցող «ԱԶԿ» կուսակցութեան գաղափարական միջուկին վրայ (Կուսակցութիւնը այսօր կը հաշուէ 10 միլիոն անդամ), յստակօրէն պիտի տեսնենք, որ իսլամութեան պատուհանով նոր Թուրքիա մը կերտել փորձող այդ կուսակցութեան համար էական եւ գերագոյն նպատակ մը չէր Թուրքիոյ   Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու հարցը, որ այսօր արդէն դադրած է էական   հարց մը ըլլալէ:  Եւրոպայի  դէմ  Էրտողանի  հնչեցուցած  ծանր  մեղադրանքները   կերպով մը կը սատարէին, որ յատկապէս Պերլինի, Պէլճիքայի, Հոլանտայի եւ Լիւքսեպուրկի թուրքերը «Այո՛»  ըսեն Էրտողանի «կոչ»ին: Այս մօտեցումով էր նաեւ, որ Թուրքիոյ  ղեկավարութիւնը «երկու քարով մէկ թռչուն» «կը զարնէր»: Նախ Եւրոպային «կը հասկցնէր» որ անոր տարբեր քաղաքներուն մէջ երկար տարիներէ ի վեր «կեանք հաստատած» թուրքերը կը լսեն Անգարայի ձայնը եւ կ’ենթարկուին անոր «տիրոջ» հրամանին: Կար նաեւ յատկապէս Գերմանիոյ, Պէլճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ կարեւոր ներկայութիւն եղող Քիւրտերուն ու յատկապէս PKK-ին դէմ «ձեռնոց նետելու» քաղաքականութիւն մը,  որուն միջոցաւ Անգարա կու գար իր բողոքը արտայայտելու  այդ Եւրոպական մայրաքաղաքներու  ղեկավարներուն  քիւրտերուն  հանդէպ ունեցած «բարեացակամ» մօտեցումներուն դէմ: Այս բոլոր տուեալներէն բացի յստակ կը դառնար, որ Եւրոպայի տարածքին ապրող թուրքերուն մեծագոյն տոկոսին համար Էրտողան անփոխարինելի «Աթա» մըն էր, որ իր մօտեցումներով, իսլամական խստապահանջութեամբ եւ օսմանեան    արմատներու վրայ յենելով կը համարուի  «անփոխարինելի»  լիտըր մը:

Սեւ եւ  մոխրագոյն
Անկախ բարեփոխումներու արդիւնքէն ու պահ մը մէկդի դնելով Թուրքիոյ «նոր  սուլթան»ին դիմագրաւած ներքին խնդիրները, պէտք է շեշտադրել, որ Էրտողան    կանգնած է կարեւոր եւ ջրբաժան համարուող նրբանցքի մը առջեւ: Մինչեւ   Թրամբի իշխանութեան հասնիլը,  Անգարա կ’ապրէր «բաւական լարուած» պահեր ու անոր  ՆԱԹՕ-ի հետ ունեցած աւելի քան յիսուն տարուան «սիրաբանութիւն»ը  պահուան մը համար կը խափանուէր, ոչ թէ անոր համար, որ ԱՄՆ նախագահը    բաւարար միջամտութիւն չէր ունենար մասնաւորապէս Սուրիոյ պատերազմին   առընթեր, այլ անոր համար, որ ԱՄՆ նախկին նախագահը կարիք չէր զգար   Անգարայի «Միջին Արեւելքի ոստիկան»ի  նախկին  դերակատարութեան: Այս առումով  ալ Էրտողան յարմար կը նկատէր «ցատկել» դէպի Մոսկուա եւ միացեալ շահեր ունենալու ֆոնին վրայ, սկիզբ կ’առնէր Փութին-Էրտողան յարաբերութիւններու նոր փուլ մը, որ ցայսօր ալ կը շարունակուի: Այս բոլորէն զատ ու յատկապէս  Սուրիոյ Հոմս քաղաքի «Աշիրաթ» զինուորական օդակայանին վրայ եղած   ամերիկեան հարուածէն ետք, կը բացուէր նոր շրջան մը, որուն հիմքով Անգարա դարձեալ կը վերադառնար  իր  երկար տարիներու դաշնակիցին «գիրկ»ը:

Սեւի եւ մոխրագոյնի շերտերուն մէջ «բանտարկուած» Էրտողան այսօր կանգնած է   վերջնական ընտրութիւն մը կատարելու պարտադրանքին տակ: Մէկ կողմէ  Մոսկուան, որուն դիմաց քիւրտերը չզինելու եւ անոնց նեցուկ չդառնալու Վ. Փութինի  վստահեցումները եւ միւս կողմէն Միացեալ Նահանգներն ու  Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ քրտական տէրութիւն մը կամ քոնֆէտէրալ համակարգ  մը ստեղծելու ամերիկեան գաղտնի սպառնալիքները: Այս  սեւ–մոխրագոյն վիճակին մէջ ալ Էրտողան երկու պարագաներուն կը ներկայանայ, որպէս թիրախ:   Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն, որ բաց աչքերով կը հետեւին  Էրտողանի  «օսմանեան  պարեր»ուն, յոռեգոյն պարագային ալ պատրաստ են յարմար պատասխան մը տալ  Էրտողանի  որոշումին, որ ճակատագրական ըլլալու  բոլոր հիմքերը ունի:

Էրտողան  «Կարմիր Սուլթան»ի կրնայ վերածուիլ
Այսօր Թուրքիոյ մէջ  յետ-ընտրական  գործընթացները կը շարունակուին: Երկու գլխաւոր ընդդիմադիր ուժերը  (CHP եւ HDP (որոնց անդամ են հայազգի երկու  երեսփոխաններ՝ Սէլինա  Տողան եւ Կարօ Փայլան) իրենց համակիրներուն խոստացած են ամէն գնով դիմել երկրի սահմանադրական դատարան եւ   պահանջել  չեղեալ համարել  հանրաքուէի արդիւնքները:  Այս բոլորէն զատ   շատ բնական է, որ  Սուլթանի  «հագուստներ»  հագուիլ երազող    Էրտողան  պիտի փորձէ ստեղծել այնպիսի իրավիճակներ, որ երկրի ընդդիմադիր ուժերը   «մոռնան» իրենց պահանջները եւ ամէն գնով պայքարին յանուն Թուրքիոյ  «ներքին  կայունութեան»: Սպասելի է ուրեմն, որ Էրտողան եւ իր «ընտանեկան խորհրդականներ»ը   մտածեն այնպիսի   ծանր  ելքերու մասին,  որ   երկիրը կրնայ գլտորել  արեան  յորձանուտներու մէջ: Այդ  փորձութիւններէն հիմնականը պիտի ըլլայ  քիւրտերուն դէմ    զինեալ  գործողութիւններուն սաստկացումը,  որն ինքնին     կրնայ  այլ  բարդ դրութիւններու տանիլ:

Չէ բացառուած  նաեւ, որ Էրտողանի  դէմ  մահափորձի  պարագան, որ կրնայ երկիրը առաջնորդել անկարավառելի քաոսի:

Այս բոլորէն բացի  յստակ է նաեւ, որ  Թուրքիոյ նախագահը  յայտնուած է իր ձեռքերը արեան  մէջ  թաթխելու արկածախնդրութեան մը առջեւ:

Արդեօք  ան պիտի կարողանա՞յ զսպել իր ներքին մղումները  եւ հեռու մնալ   «Կարմիր Սուլթան»ի վերածուելու   վտանգներէն:

Հարցումը  հռետորական չէ, ու աւելի քան հիմնաւորուած, որովհետեւ   հանրաքուէի արդիւնքով կէս Սուլթան   «հռչակուած»  Ռ. Թայէպ Էրտողանը   յայտնուած է իր քաղաքական կենսագրութեան ետդարձի առաջին   սանդխտամատին վրայ:

«Արարատ»/ Պէյրութ

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment