Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ The Guardian-ը նոր փաստեր ներկայացուցած է ԵԽԽՎ-ի մէջ Ատրպէյճանի Զեղծարարութիւններու վերաբերեալ

The Guardian-ը նոր փաստեր ներկայացուցած է ԵԽԽՎ-ի մէջ Ատրպէյճանի Զեղծարարութիւններու վերաբերեալ

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներով զբաղուող Եւրոպայի ամենահին կառոյցներէն մէկը` Եւրոպայի խորհուրդը, յառաջիկայ շաբաթուայ ընթացքին լայնամաշտապ հետաքննութիւն պիտի սկսի` կապուած քուէարկութեան արդիւնքներու կեղծման մեղադրանքներուն հետ, որ կառոյցի հեղինակութիւնը կասկածի տակ կը դնէ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին գրած է բրիտանական «The Guardian» պարբերականը` ներկայացնելով նոր պնդումներ ատրպէյճանական զեղծարարութիւններու վերաբերեալ:

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ բարձր մակարդակի փորձառութիւն ունեցող երկու մարդ «The Guardian»-ին համոզմունք յայտնած են, որ ԵԽԽՎ անդամներու Ատրպէյճանի օգտին քուէարկելու համար կաշառք  առաջարկուած է:

Ատրպէյճանի նախկին դեսպան Արիֆ Մամատով, որ դարձել այլախոհ է, յայտնած է, որ նաւթային պաշարներով հարուստ երկրի պատուիրակութիւնը Եւրոպայի խորհուրդի մէջ  30 միլիոն եւրօ ունեցած է` ԵԽ հիմնարկներուն, այդ շարքին եւ ԵԽԽՎ-ի մէջ լոպպիինկի համար ծախսելու նպատակով: «Ատրպէյճանի պատուիրակութեան կազմին մէջ բոլորը լսած էին այդ թիւը, թէպէտ այն երբեք գրի չէր առնուած: Կ’ըսուէր, որ այս գումարը նախատեսուած է պատուիրակութիւններու անդամներուն եւ առհասարակ ԵԽԽՎ-ին կաշառելու նպատակով»,- ըսած է ան «The Guardian»-ին:

Շուէտի պատուիրակութեան անդամ եւ նախկին արդարադատութեան նախարար Թոպիաս Պիլլսթրոմը յայտնած է, որ «շատ հաւաստի անդամներ» իրեն ըսած են, որ իրենց կաշառք առաջարկուած է քուէարկութեան դիմաց:

Բրիտանական լրատուամիջոցը նշած է, որ «խաւիարային դիւանագիտութեան» մասին պնդումները տարիներով պտտած են ԵԽԽՎ-ի շուրջ, ուր Ատրպէյճանը կը մեղադրուէր ցանկալի քուէներու դիմաց գումարի եւ թանկարժէք նուէրներու փոխանակման մէջ:

Պնդումները առաջին անգամ ի յայտ եկած են 2012 թուականին «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւն» հետազօտական հիմնարկի կողմէ պատրաստուած զեկոյցի միջոցաւ, սակայն լուրջ շրջադարձ ապրած են, երբ իտալական դատախազութիւնը սկսած է հետաքննութիւն իրականացնել իտալացի պատգամաւոր Լուքա Վոլոնթէի նկատմամբ: Վերջինս մեղադրուած է Ատրպէյճանէն 2.39 միլիոն եւրօ կաշառք վերցնելու մէջ, ԵԽ-ի մէջ  անոր կառավարութեան աջակցելու դիմաց: Անոր դէմ դատական գործ յարուցուած է փողերու լուացման գործով:

Թէպէտ ԵԽ անդամներու մէկ հինգերորդը յունուարին գործը շտապ հետաքննելու կոչ ըրած է, սակայն ԵԽԽՎ ղեկավարները մարտին կայացած վերջին հանդիպման ժամանակ ձախողցուցին որոշման ընդունումը: «The Guardian»-ը նշած է, որ յատկապէս մեծ ճնշում կը գործադրուի ԵԽԽՎ նախագահ, սպանացի գործիչ Փետրօ Ակրամունթի վրայ, որպէսզի այս ամսուայ վերջ ապահովուի անհրաժեշտ հետաքննութիւնը:

Քննադատները նշած են, որ Ատրպէյճանը ԵԽԽՎ-ն կ’օգտագործէ, նախագահ Իլհամ Ալիեւի կառավարման   օրինականութիւնը ապահովելու նպատակով: 2013 թուականին գերմանացի խորհրդարանական Քրիսթոֆըր Շթրասըրի կողմէ Ատրպէյճանի մէջ քաղբանտարկեալներու վերաբերեալ յայտնի զեկոյցը, ուր արձանագրուած էր Ատրպէյճանի դատական համակարգը Ալիեւի քննադատներուն լռեցնելու համար օգտագործելու փաստը, քուէարկութեան ժամանակ տապալուեցաւ125 կողմ, 79 դէմ եւ 20 չէզոք ձայներով:

Քուէարկութեան բացասական ելքին մէջ առանցքային դերակատարում ունեցած է Վոլոնթէն, որ Ատրպէյճանի մէջ իշխող ընտանիքի հետ կապ ունեցող ընկերութեան կողմէ գումար ստացած էր ատոր դիմաց:

Շթրասըր նշած է, որ իմացած է Ատրպէյճանի կողմէ գումար առաջարկելու մասին, սակայն չէ ունեցած քուէները գնելու վերաբերեալ որեւէ ապացոյց: Ան ընդգծած է, որ կ’ուզէ հետաքննութիւնը տեսնել որպէս վստահելիութեան կէտ: «Եթէ կասկած կայ, որ այս կառոյցի մէջ կաշառակերութիւն կրնայ ըլլալ եւ այդ կասկածը կ’անտեսուի, ապա այդ կրնայ Եւրոպայի խորհուրդի վերջը ըլլալ»,- նշած է ան:

Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թիորփիորն Եակլանտ կոչ ըրած է Ակրամունթին անձամբ ապահովել «անկախ արտաքին հետաքննական մարմին առանց յետագայ ձգձգումներու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment