Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ի Տարբերութիւն Արեւմտեան Այլ Ղեկավարներու Թրամփ Շնորհաւոած է Էրտողանին

Ի Տարբերութիւն Արեւմտեան Այլ Ղեկավարներու Թրամփ Շնորհաւոած է Էրտողանին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնած է իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Էրտողանին` շնորհաւորելով անոր սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին արձանագրած յաջողութեան առթիւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Սպիտակ Տունը` նշելով, որ զրոյցի ընթացքին երկու նախագահները քննարկած են «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ պայքարի եւ ամերիկացիներու կողմէ սուրիական ռազմական օդակայաններէն մէկուն հասցուած հարուածներու թեմաները:

Այս հեռախօսազրոյցէն ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ Սպիտակ Տան բանբեր` Շոն Սփայսըր, պատասխանելով ամերիկացի լրագրողներէն մէկուն հարցին, խուսափած էր յստակ գնահատական տալ` թէ արդեօք Ուաշինկթըն ընտրախախտումներու մասին տեղեկութիւններու լոյսին տակ օրինական կը համարէ թրքական հանրաքուէի արդիւնքները: Ան ըսած էր թէ, պէտք է սպասել միջազգային դիտորդներու զկոյցին:

«Որքան ես կը հասկնամ՝ այնտեղ միջազգային յանձնաժողով կը գործէ, որ կ’ուսումնասիրէ խնդիրը եւ իր եզրակացութիւնները կը ներկայացնէ 10-12 օրուայ ընթացքին: Թուրքիոյ ողջ տարածքին միջազգային դիտորդներ կան, եւ մենք պէտք է անոնց թոյլ տանք աւարտել աշխատանքը: Ես կը կարծեմ, որ այդ զեկոյցէն առաջ իյնալ պէտք չէ: Ամէն պարագայի, Թուրքիոյ քաղաքացիները մասնակցած են քուէարկութեան: Թուրքիոյ կառավարման համակարգին անդրադառնալէ առաջ ես կը գերադասէի, որ մենք թոյլ տանք, որպէսզի այդ յանձնաժողովը իր գործը ընէ», – յայտարարած էր Սպիտակ տան խօսնակը:

Թրքական հանրաքուէի նկատմամբ շատ աւելի քննադատաբար տրամադրուած էր Պետական Քարտուղարութիւնը, որու խօսնակ Մարք Թոնըր, մատնանշելով ԵԱՀԿ դիտորդներու նախնական եզրակացութիւնները, նշած էր. – «Մենք ի գիտութիւն կ’ընդունինք դիտորդական առաքելութեան մտահոգութիւնը առ այն, որ հանրաքուէի ընթացքին խախտումներ արձանագրուած են թէ՛ բուն քուէարկութեան օրը եւ թէ՛ քարոզարշաւի ընթացքին, ինչը յանգեցուցած է «Ոչ»-ի կողմնակիցներու համար անհաւասար պայմաններու ստեղծման»:

Ի տարբերութիւն Թրամփի, եւրոպական կառոյցները շատ աւելի կոշտ ազդակներ յղեցին Անգարային:
Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու ղեկավարները խուսափեցան շնորհաւորական խօսքեր ուղղել, փոխարէնը անոնք կոչ ըրին զգուշաւորութեան:

Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարկարիթաս Սխինաս յայտարարեց. – «Հաշուի առնելով դիտորդներու կողմէ ներկայացուած զեկոյցները, քուէներու ոչ մեծ տարբերութիւնը եւ այն հեռուն գացող հետեւանքները, որ կրնան ունենալ սահմանադրական այս փոփոխութիւնները Թուրքիոյ համար, մենք կոչ կ’ընենք այդ երկրի կառավարութեան լրջօրէն հաշուարկել յետագայ գործողութիւնները եւ հնարաւորինս լայն հասարակական համաձայնութեան հասնիլ հանրաքուէին յաջորդող ժամանակահատուածին: Կոչ կ’ընենք քաղաքական դաշտի բոլոր դերակատարներուն զսպուածութիւն ցուցաբերել: Թրքական կառավարութեան ալ կոչ կ’ընենք դիտորդներու կողմէ յայտնաբերուած խախտումներու առթիւ թափանցիկ հետաքննութիւն սկսել»:

Անդրադառնալով Թուրքիայէն հնչող յայտարարութիւններուն, թէ նոր Սահմանադրութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք երկրի քրէական օրէնսգիրքով սահմանուած պատժաչափերու ցանկին կրնայ մահապատիժը յայտնուիլ, Սխինաս ըսած է․ – «Կարելի է ըսել, որ մահապատժի վերականգնումը «կարմիր գիծերէն» ամենակարմիրն է: Այս հարցին մէջ հռետորաբանութենէն յստակ գործողութիւններու անցնիլը միայն մէկ բան կրնայ նշանակել, որ Թուրքիան չուզեր մաս կազմել եւրոպական ընտանիքին»:

Եւրամիութեան անդամ որոշ պետութիւններու ներկայացուցիչներու համոզմամբ ալ, Պրիւքսէլ պէտք չէ սպասէ Անգարայի յետագայ քայլերուն` յայտարարելով ռազմավարութեան կտրուկ փոփոխութեան մասին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment