Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխող Հանրապետականը կը Փորձէ Ստրկացնել Մարդոց

Իշխող Հանրապետականը կը Փորձէ Ստրկացնել Մարդոց

by MassisPost

Իրաւապաշտպանները սուր հակադարձած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքները ոչ միայն պաշտպանուած չեն, այլեւ իշխող Հանրապետականը կը փորձէ ստրկացնել մարդոց:

Հայաստանի նախագահը, մասնաւորապէս, յայտարարած էր, թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները ոչ միայն առաջընթաց արձանագրեցին ժողովրդավարութեան գործին մէջ, այլեւ իշխանութիւնները յաջողեցան անշրջելի դարձնել մարդու իրաւունքներու առաջ մղումը:

«Մենք տեսանք ինչպէս է Հանրապետականը փորձում ստրկացնել մարդկանց: Եւ ընտրական գործընթաց, ընդհանրապէս, Հայաստանում գոյութիւն չունի», – հակադարձած է իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեանը՝ յիշեցնելով 2 Ապրիլին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ տեղ գտած բռնութիւնները, զանգուածային ընտրակաշառքի մասին յայտարարութիւնները, մարդոց ցուցակագրումը:

2 Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախորդած ժամանակահատուածը առանձնացաւ շարք մը աղմկայարոյց իրադարձութիւններով:

«Ազատութեան» հետ զրոյցին Ջրառատ գիւղի բնակիչ Մանուէլ Մելքոնեան պատմած է, թէ ոստիկանութեան գնդապետ, փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանի եղբայրը՝ Լեռնիկ Երանոսեան, որ անցած ամառ աչքի ինկած էր լրագրողներու դէմ կիրառուած բռնութիւններու ժամանակ, ինչպէս զէնքը պահած է իր 27-ամեայ որդիին՝ Յակոբ Մելքոնեանի, ուղղութեամբ՝ պահանջելով չոքիլ ու ներողութիւն խնդրել: Գիւղին մէջ օրեր տեւած բախումներու պատճառը ընտրութիւններն էին՝ Երանոսեաններու ազգական գիւղապետը կը սատարէր իշխող Հանրապետականին, միւս կողմը՝ ընդդիմադիր ՕՐՕ դաշինքի կողմնակիցներն էին:

Տեղի ունեցածը քննող Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեանը այսօր «Ազատութեան» ըսած է, որ նախաքննութիւնը կը շարունակուի, Լեռնիկ Երանոսեանը ճանչցուած է որպէս տուժող, իսկ հարցաքննութեան կանչուած գիւղացիները ցուցմունք չեն տուած այն մասին, ինչ ըսած էին լրատուամիջոցներուն:

Ընտրութիւններէն ետք հանրութիւնը հնարաւորութիւն ունեցաւ ծանօթանալ յայտնի ձայնագրութեան, ուր տղամարդ մը  ՍԱՍ Կրուփի աշխատակիցներուն կը յորդորէ ձայներ բերել Հանրապետականի ռէյթինկային թեկնածու Արտակ Սարգսեանի՝ «ՍԱՍ-ի Արտակի» համար, հակառակ պարագային սպառնալով անոնց ազատել աշխատանքէն:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Կարէն Անդրէասեանի խօսքով, Ջրառատի ՍԱՍ Կրուփի մէջ տեղի ունեցածը «ընդամէնը այսպըրկի գագաթն են»: – «Կարծում եմ՝ ընտրութիւնները փայլուն համարող ուժերը ցաւում են, որ բռնուել են այս մի քանի դէպքերը, հակառակ դէպքում սրանք էլ կարելի էր պարտակել, կոծկել եւ  հանդիպել դեսպանների հետ ու ասել ոչ թէ առաջընթաց է, այլ ուղղակի կատարեալ ընտրութիւններ են», – «Ազատութեան» հետ զրոյցին մեկնաբանած է Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպանը:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ նախագահ Սարգսեանի յայտարարութեան՝ Անդրէասեան ըսած է․- «Կա՛մ Սերժ Սարգսեանը եւ ես նոյն Հայաստանում չենք ապրում, կա՛մ ես մարդու իրաւունքներից ոչինչ չեմ հասկանում: Կարող եմ ասել, որ եթէ որեւէ մէկին, այդ թուում Հանրապետութեան նախագահին բաւարարում է մարդու իրաւունքների այս վիճակը, նշանակում է մարդու իրաւունքների նմանակ, ժողովրդավարութեան կեղծ տարբերակը ձեռնտու է այսօրուայ երկրի իշխանութիւններին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment