Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր, քէմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութենէն ետք քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը եւս պաշտօնապէս դիմած է բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողով` պահանջելով չեղեալ համարել սահմանադրական հանրաքուէի արդիւնքները: Այս մասին տեղեկացուցած է թրքական «Diken» գործակալութիւնը:
Ներկայացուած դիմումի մէջ կուսակցութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն ընտրախախտումներու վրայ, որոնք եղած են հանրաքուէի ընթացքին. անոնք են` ընտրատեղամասերու մէջ իրենց աշխատակիցներուն չգրանցելը, անոնց աշխատանքը խոչընդոտելը, կալանաւորելը, տարբեր գիւղերու մէջ քուէարկութեան ուղղորդումները:
Բացի այդ, անոնք ուշադրութիւն հրաւիրած են անկնիք քուէները վաւեր ճանչնալու փաստի վրայ` ընդգծելով, որ տեղեկութիւններ կան, թէ քուէատուփերը բանալէ ետք յայտնաբերուած այդ քուէները աւելի ուշ կնքուած են: