Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուները Արցախի Մասին

Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուները Արցախի Մասին

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուները իրենց նախընտրական արշաւին յաճախ կ’անդրադառնան Հայաստանին ու Արցախին, մասնաւորապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի խնդրի կարգաւորման թեմաներուն, հայանպաստ շեշտադրումներով: Այդ մէկը բնական է, քանի որ Ֆրանսայի մէջ առկայ է բաւական մեծ հայ ընտրազանգուած:

Ֆրանսայի նախագահի հանրապետական թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիյոն, «Նուվէլ տ՛Արմէնի» հանդէսի հետ հարցազրոյցին Ղարաբաղի խնդրի մասին ըսած է հետեւեալը. «2016թ. ապրիլին Հարաւային Կովկասը վեց օր շարունակ նորէն բռնկուեցաւ: Հանդիպելով ﬕջազգային անտարբերութեան` Ատրպէյճանը փորձեց ուժով տիրանալ Լեռնային Ղարաբաղին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը Սթալինի պատճառով է, որ 1921թ.-ին տարածաշրջանը կամայականօրէն անջատած է Հայաստանէն` յօգուտ Ատրպէյճանի: Ներկայիս այլ տարբերակ չկայ, քան խաղաղ եւ տեւական լուծում գտնելը», նշած է Ֆրանսուա Ֆիյոն:

Իր հերթին, Ազգային ճակատէն նախագահի թեկնածու Մարին Լը Փեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ցանկալի կը համարէ այն լուծումը, որ հնարաւորութիւն կու տայ Ղարաբաղին վերամիաւորուելու Հայաստանի հետ:

«ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք վարչական սահմանները արագօրէն եւ առանց վերաիմաստաւորման դարձան միջազգային սահմաններ, սակայն, անկախութենէն ետք աւելի ցանկալի պիտի ըլլար, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հասնէին այնպիսի համաձայնութեան, որ թոյլ կու տար Լեռնային Ղարաբաղին վերամիաւորուիլ Հայաստանի հետ»,- նշած է ան:

Ֆրանսայի նախագահի  ընկերվար թեկնածու Պենուա Ամոն  ընտրուելու պարագային  պատրաստակամութիւն յայտնած է բանակցութիւնները առաջ մղելու նպատակով նոր հանդիպում կազմակերպել: «Հաշուի առնելով, որ միջազգային մակարդակով անորոշութեան գործօնները բազմապատկուած են` ժամանակն է վերջ դնել այս հակամարտութեան, որ կը խեղէ երկու երկիրներու բնակչութիւններու ու պետութիւններու զարգացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ կը ստեղծէ անկայունութեան մթնոլորտ ողջ տարածաշրջանին մէջ: Ուստի ժամանակն է այսօր, որ իւրաքանչիւրը վերցնէ իր պատասխանատուութեան բաժինը»,- ամփոփած է Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուն:

Ֆրանսայի նախագահի ընտրութիւնները պիտի իրականացուին 2017 թուականի 23 ապրիլին: Եթէ թեկնածուներէն որեւէ մէկը չստանայ ձայներու կէսէն աւելին, ապա երկրորդ փուլը պիտի իրականացուի 7 մայիսին: Ներկայիս ընտրարշաւի առաջատար թեկնածուներն են Հանրապետականներու կողմէ առաջադրուած Ֆրանսուա Ֆիյոն, «Ազգային ճակատի» առաջնորդ Մարին Լը Փեն, Ֆրանսայի տնտեսութեան նախկին նախարար Էմանուէլ Մաքրոն, Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Պենուա Ամոն եւ Կոմունիստական կուսակցութեան ու շարք մը այլ ձախ ուժերու աջակցութիւնը վայելող Ժան-Լիւք Մելանշոն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment