Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչական Չարաշահումները Ազդած Են Ընտրութիւններու Արդիւնքին Վրայ

Վարչական Չարաշահումները Ազդած Են Ընտրութիւններու Արդիւնքին Վրայ

by MassisPost

«Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ»  կաշառակերութեան  դէմ պայքարող կեդրոնը այս փուլին կ’ամփոփէ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական շրջանին վարչական միջոցի չարաշահման  ընդհանուր  աղիւսակը: Կեդրոնի ծրագիրներու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեան Lragir.am-ի հետ զրոյցին ըսած է, որ վարչական միջոցի չարաշահումը ազդեցութիւն ունեցած է խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, բայց խնդիրը չափերու մէջ է, թէ ինչ չափով:

«Հիմա ամփոփում ենք տուեալները եւ վերլուծութիւն պատրաստում: Կան կոնկրետ օրինակներ, որոնցով իրաւապահ մարմինները, եթէ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն էլ, զուտ ձեւական առումով կը ցուցաբերեն, որ իբր ինչ-որ բան անում են: Բայց իրականում շատ աւելի լուրջ ու խօսուն փաստերն արհամարhուեցին: Մենք տեսանք, որ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» կազմակերպութեան բացայայտած ձայնագրութիւններով հետեւանք չեղաւ, ինչը եւս միջնորդաւորուած վարչական ռեսուրսի չարաշահում էր: Այսինքն՝ երբ մենք ունենք այսպիսի մի պատկեր, դա անպատժելի է մնում, եւ հասարակութիւնը, կուսակցութիւնները որեւէ կերպ չեն կարողանում կանխարգելել, դա բնականաբար պէտք է շարունակուի եւ ապագայում շատ աւելի մեծ մասշտաբներ ունենայ»,- ըսած է Հոկտանեան:

Դէպքերէն միւսը ՍԱՍ կրուփի մասով յայտնի ձայնագրութիւնն է, որ կը փաստէ, որ ընկերութեան աշխատակիցները պարտադրուած եղած են ձայներ հաւաքագրել իրենց ղեկավար Արտակ Սարգսեանի համար: Ըստ Հոկտանեանի՝ թէեւ Արտակ Սարգսեանը գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչ չէ, բայց անուղղակի կերպով դարձեալ գործ ունինք վարչական միջոցի չարաշահման հետ՝ որպէս գործատուի:

Մասնագէտը մտահոգութիւն ունի, որ նոյն իրավիճակը կրնայ կրկնուիլ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment