Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը Բողոքարկած է Թուրքիոյ Հանրաքուէի Արդիւնքները

Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը Բողոքարկած է Թուրքիոյ Հանրաքուէի Արդիւնքները

by MassisPost

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր, քէմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութենէն ետք քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը եւս պաշտօնապէս դիմած է բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողով` պահանջելով չեղեալ համարել սահմանադրական հանրաքուէի արդիւնքները: Այս մասին տեղեկացուցած է թրքական «Diken» գործակալութիւնը:

Ներկայացուած դիմումի մէջ կուսակցութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն ընտրախախտումներու վրայ, որոնք եղած են հանրաքուէի ընթացքին. անոնք են` ընտրատեղամասերու մէջ  իրենց աշխատակիցներուն չգրանցելը, անոնց աշխատանքը խոչընդոտելը, կալանաւորելը, տարբեր գիւղերու մէջ քուէարկութեան ուղղորդումները:

Բացի այդ, անոնք ուշադրութիւն հրաւիրած են անկնիք քուէները վաւեր ճանչնալու փաստի վրայ` ընդգծելով, որ տեղեկութիւններ կան, թէ քուէատուփերը բանալէ ետք յայտնաբերուած այդ քուէները աւելի ուշ կնքուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment