Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Սուրբ Զատկուան Պատգամը

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Սուրբ Զատկուան Պատգամը

by MassisPost

Յարեա՜ւ Քրիստոս

Քրիստոսի Յարութիւնը մարդկութեան կեանքը յեղաշրջող ճշմարտութիւն է: Իր հրաշալի Յարութեան խորհուրդը ապրող անհատ քրիստոնեան կամ հաւաքականութիւնը իր մէջ կ՚ապրի նոր կեանքը, ստեղծագործելու ոգին, եւ ամենէն էականը` յաւիտենականութեան զգացողութիւնը:

Քրիստոսի Յարութիւնը անցեալ չէ, այլեւ՝ ներկայ, որուն ապրումն ու գիտակցութիւնը կ՚ունենանք հաւատքով: Ժողովուրդներ, Յարութեան խորհուրդին առաջնորդութեամբ կեանք են իմաստաւորած, պատմութիւն կերտած, մշակոյթ ստեղծած եւ նոյն խորհուրդի առջեւ խոնարհումով նահատակներ տուած, որոնց արեան հեղումովը հաստատուած է եկեղեցին:

Յարութեան խորհուրդը մեր ազգի նախնեաց եւ այսօր մեր զաւակաց համար կեանքի խորհուրդն է: Նույն խորհուրդին առջեւ խոնարհած մէկուկէս միլիոն նահատակներ մեր մէջ տեսան տեսիլքը նոր արշալոյսներու, Մեծ Երազը՝ վերանկախացեալ Հայաստանի:

Յարեա՜ւ Քրիստոս:

Հաւատացեալը երբ ջերմ սրտով կը յայտարարէ Քրիստոսի Յարութիւնը անտարակոյս իր հոգիին ձայն է, որ կ՚արձագանգէ, որն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ իր հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, քրիստոնէավայել կեանքով մը ապրելու իր խոստումը եւ դառնալու նմանանակից Քրիստոսի:

Քրիստոսի Յարութիւնը պիտի դարձնենք մեր կեանքի նոր արշալոյսը, որպէսզի կեանքը ապրինք յուսալից, նոր տեսիլքներու հետամուտ, ճարտարապետելու օրհնեալ կեանք եւ ի մասնաւորի՝ մեր շուրջիններու կեանքին մէջ դառնալու ներշնչումի աղբիւր:

Այս Զատիկը մեր Թեմական կեանքին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ մեր Թեմն իր Առաջնորդարանով եւ ծուխերով ու բոլոր հաւատացեալներով կը տօնախմբէ Թեմի հաստատման 90-ամեակը:

90-ամեակը պիտի արժեւորենք Յարութեան խորհուրդով, որպէսզի մեր առջեւ բացուած կեանքի ճանապարհը իմաստաւորենք բարի սպասումներով, հաւատքի գործերով, նոր հեռանկարներով, որոնք բոլորն ալ պէտք է ապահովեն քրիստոնեայի մէջ նկարագիրը, եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, ազգի ու Հայրենիքի առաքելութեան ամրագրումը:

Կ՚ապրինք նոր աշխարհի մը մէջ, եւ ամէն օր ու վայրկեան նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուինք։ Գիտութեան եւ տեխնոլոգիայի զարգացումը մեզի չի կրնար որեւէ ձեւով պարտադրել որդեգրելու բարոյական նոր մօտեցումներ, որոնք հակոտնեայ են քրիստոնէական վարդապետութեան եւ այն հաւատքին, որոնք եղան հիմքերը մեր նախնեաց հոգեւոր կեանքին:

Աշխարհի խաղաղութիւնը, մարդկանց բարձր ու ստեղծագործական կեանքը պայմանաւորուած է Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան մշտականութեամբ: Հաւատքով կը պայմանաւորուի նաեւ ընտանեկան սրբութեան սահմանումը՝ բարոյական գերագոյն յաղթանակը:

Զատկուան խորհուրդը առաւելագոյնս կ՚իմաստաւորուի, երբ քրիստոնեայ ընտանիքը Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը կ՚արտայայտէ գործնական քայլերով:

Քրիստոս Յարեա՜ւ ի մեռելոց: Օրհնեա՜լ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը հրաւէրն է նոր կեանքի, որպէսզի մեր հոգեւոր էութեան մէջ մշտապէս կրենք Աստուծոյ ներկայութիւնը, մեր քրիստոնէական ինքնութիւնն ամուր պահպանելու ոգին, հայրենասիրական շունչը, համամարդկային արժէքներու հանդէպ գիտակցութիւնը, ազգային շունչը, ծառայութեան զգացողութիւնը, ի մասնաւորի՝ հայ ընտանիքի սրբութեան տեսիլքը: Այս բոլորին մատակարարն է Եկեղեցին, որուն ապրող ու շնչող մասնիկներն ենք: Ա՛յս պատկերը կը տեսնենք Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին մէջ:

Յարութեան խորհուրդը աւիշն է նոր կեանքի:

Օրհնեա՜լ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment