Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանը Քննադատութեան Արժանացած է Սարի Թաղի Ցոյցերու Վերաբերեալ իր Խօսքերուն Համար

Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանը Քննադատութեան Արժանացած է Սարի Թաղի Ցոյցերու Վերաբերեալ իր Խօսքերուն Համար

by MassisPost

Սարի թաղ ուղեւորուած երթի՝ ոչ խաղաղ նպատակներ ունենալու մասին Մարդկային իրաւանց պաշտպանի (ՄԻՊ)  յայտարարութեամբ իշխանութիւնները կ’ուզեն արդարացնել ոստիկանական բռնութիւնները՝ մեկնաբանելով Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի երեկուայ պնդումը՝ «Ազատութեան» ըսած է լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի ղեկավար Լեւոն Բարսեղեանը:

Վերջինս նախորդ տարուայ 29  Յուլիսին անակնկալ կերպով Սարի թաղ շարժած երթի առաջին շարքերուն եղած էր․ – «Ակնյայտօրէն իշխանութիւնը չի խափանել սադրիչների գործողութիւնը, եւ ի վերջոյ ինքն է յարձակուել ժողովրդի վրայ: Սա ակնյայտ է: Բանակցութիւնները արդիւնք չեն տուել, բանակցողներին տարել-փակել են օրերով, շաբաթներով, նոյնիսկ ամիսներով: Երեւի իսկապէս շատ նեղ դրութեան մէջ են դրել Թաթոյեանին, ասել են՝ այս այլանդակութիւնները օրինականացնելու եղանակը յայտարարելն է, որ ցոյցը եղել է ոչ խաղաղ»:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը լրագրողներու հետ հանդիպման տեղեկացուցած է, որ յատուկ զեկոյց պատրաստած են 2016-ի յուլիսեան իրադարձութիւններու վերաբերեալ: Նշելով, որ զեկոյցի մէջ առանձին գլուխներ կան ոստիկանական բռնութիւններու մասին՝ Մարդկային իրաւանց պաշտպանը (ՄԻՊ)  ընդգծած է, որ քաղաքացիներու երթը Սարի թաղ չէր կրնար խաղաղ նպատակ ունենալ․ – «Եթէ երթը ունէր խաղաղ նպատակ, հարց է առաջանում՝ ինչո՞ւ էր դա գնում Սարի թաղի նեղ, կիսամութ փողոցներով, գիշերով: Կարծում եմ, որ Սարի թաղով գնալը, այդ մութ փողոցներով, կոչերով, որ գնում ենք միանանք զինուած խմբին, չէր կարող ունենալ խաղաղ նպատակ: Այլ հարց է, որ ոստիկանութիւնը այնտեղ խախտումներ թոյլ տուեց, քաղաքացիներին վնասներ պատճառուեցին: Ես կարծում եմ, որ խնդրայարոյց էր Սարի թաղ գնալը այդ օրը այդ ընդհանուր քոնթեքստում»:

Սարի թաղի մէջ բախումներէն առաջ ոստիկաններու հետ բանակցութիւններուն մասնակցած Լեւոն Բարսեղեան զարմանք արտայայտած է՝ ինչպէս կարելի է փողոցներու նեղ ըլլալով կռահել, որ երթը խաղաղ նպատակ չունէր․ – «Սա նշանակում է, որ ինքը պիտի առաջարկի Ազգային ժողովին Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւն մտցնել եւ մարդու իրաւունքների բաժնում աւելացնել, որ նեղ փողոցներում երթերը հակասահմանադրական են, մի քիչ լայն փողոցներում երթերը՝ աւելի սահմանադրական են, իսկ Մաշտոցի պողոտայում, Հիւսիս-Հարաւ մայրուղում եւ «Զուարթնոց»ի թռիչքուղում ցոյցերը բացարձակ խաղաղ են»:

Անցեալին Արդարադատութեան նախարարի տեղակալի պաշտօն զբաղեցուցած Արման Թաթոյեան կը շարունակէ զբաղուիլ իշխանութիւններու փաստաբանութեամբ, պնդած է ընդդիմադիր պատգամաւոր Զարուհի Փոսթանճեանը, որ եւս Սարի թաղ շարժած երթի առաջին շարքերուն եղած էր:

«Բոլորս յիշում ենք, թէ ինչպէս էր նա որպէս կառավարութեան փաստաբան մերժում, նաեւ սխալ եւ սուտ տեղեկատուութիւն տրամադրում Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանին», – ըսած է պատգամաւորը:

29 յուլիսին Սարի թաղէն եւ Խորենացի փողոցէն ձերբակալուած էր 165 քաղաքացի, որոնցմէ 23-ը ձերբակալուած էին զանգուածային անկարգութիւններու մասնակցած ըլլալու կասկածանքով։ Գործը դեռ նախաքննութեան ընթացքի մէջ է եւ այս փուլին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի յայտարարութիւնը հող կը ստեղծէ այն մեղադրական դատավճիռներուն համար, որ կը պատրաստեն այս գործով մեղադրեալներուն նկատմամբ, վստահեցուցած է Զարուհի Փոսթանճեան:

Սարի թաղի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով արդէն շուրջ տասը ամիս կը շարունակէ կալանքի տակ մնալ «Ոտքի Հայաստան» նախաձեռնութեան անդամ Անդրիաս Ղուկասեանը: Աւելի վաղ նոյն գործով ձերբակալուած, ապա ազատ արձակուած էին «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Արմէն Մարտիրոսեանը, Յովսէփ Խուրշուտեանը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական աքթիւիսթ Դաւիթ Սանասարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment