Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Որու՞ն Մեղադրել

Որու՞ն Մեղադրել

by MassisPost

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները  անցան պատմութեան: Իշխող համակարգը յաջողեցաւ վերարտադրուիլ ու յաջորդ հինգ տարիներուն եւս պիտի շարունակէ նոյն ձեւով առաջնորդել երկիրը, իսկ  անցեալը ոչ միայն փայլուն  չէ, այլ նոյնիսկ կարելի է ըսել աղետալի:

Ընտրութիւններու ընթացքին արձանագրուած խախտումներու կապակցութեամբ ուսումնասիրութիւններն ու վերլուծութիւնները կը շարունակուին եւ վերջնական պատկերացում կազմելու համար տակաւին ժամանակ է պէտք: Տեղական դիտորդական կազմակերպութիւնները արագ ստուգումներ կատարելով, արդէն իսկ յայտնաբերած են  երկրէն բացակայողներու փոխարէն քուէարկութեան հարիւրաւոր դէպքեր եւ վստահ են որ այդ թիւերը շատ աւելի բարձր են եւ ժամանակի ընթացքին պիտի կարողանան փաստել, որ այդ դէպքերը  էական ազդեցութիւն ունեցած են քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ:

Միւս կողմէ, գոյացած ընդհանուր կարծիք կայ, որ այս ընտրութիւններուն մեծ դեր ունեցած է ընտրակաշառքի արատ բաժանումը եւ որոշ գնահատականներու համաձայն` ժողովուրդի 70-80 տոկոսը, յատկապէս հեռաւոր շրջաններուն մէջ, ընտրակաշառք ստանալով քուէարկած է այդ հիման վրայ:

Այժմ Հայաստանեան մամուլին մէջ լոյս կը տեսնեն հրապարակումներ, թէ ինչպէս Հանրապետական կուսակցութեան պարտուած անհատ թեկնածուներ կը փորձեն իրենց տուած ընտրակշառքը ետ պահանջել  քուէարկողներէն` դժգոհելով որ իրենց  գիւղէն խոստացուած քանակի  ձայներ չեն տրուած իրենց: Կը պատմուի նաեւ որ, կարգ  մը թեկնածուներ խոստացած են  վճարումները կատարել ընտրութիւններէն ետք, իսկ յաջողութեան  չհասնելով, այժմ կը մերժեն կատարել  իրենց խոստումը:

Այս իրողութիւններու լոյսին տակ, շատեր սկսած են մեղադրել նաեւ ժողովուրդին, որ դժգոհելով հանդերձ իրենց վիճակէն, քսան տոլարով վաճառելով իրենց ձայնը, կը նպաստեն նոյն իրավիճակի շարունակութեան:

Արդարացի է արդեօք  տարեց ու աղքատ ժողովուրդը մեղադրել կաշառք վերցնելու  մէջ, երբ  անոնք կը գտնուին ոչ միայն տնտեսապէս անապահով   վիճակի մէջ, այլ նաեւ`  գիւղապետերու, քաղաքապետերու, մարզպետներու ամբողջական  ենթակայութեան տակ են:

Ըտրակաշառքի  երեւոյթին միակ  պատասխանատուները դարձեալ կը հանդիսանան   իշխանութիւնները, որոնք  ժողովուրդը   հասցնելով այսօրուայ վիճակին,  ընտրակաշառքի մէջ կը գտնեն  իրենց յաջողութեան միակ բանալին:

«ՄԱՍԻՍ»   

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment