Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը երախտագիտութիւն յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստում» ֆիլմը ստեղծողներուն:
«Շնորհակալութիւն Էրիկ Իսրայէլեանին եւ «Խոստում» ֆիլմին՝ ամենասարսափելի յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ Human Rights Watch-ի աշխատանքներուն աջակցելու համար»,- ըսուած է կազմակերպութեան միքրոպլոկին մէջ:
Յիշեցնենք, որ «Խոստում» ֆիլմը ԱՄՆ-ի մէջ մեծ պաստառին պիտի բարձրանայ 21 ապրիլին:
Ժապաւէնի բեմադրիչը Թերրի Ճորճն է, որ նաեւ «Ռուանտա հիւրանոց» յայտնի ֆիլմի հեղինակն է: «Խոստում»-ի արտադրողը Քըրք Քըրքորեանն է, իսկ երաժշտութիւնը գրած է Սերժ Թանքեանը: Արտադրողներէն մէկն ալ Էրիք Իսրայէլեանն է:
Ֆիլմին մէջ նկարահանուած են Քրիսթիան Պէյլը, Օսքար Այզէքը եւ Շարլոթ լը Պոնը: