Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վրաստանի ԱԳ Նախարար «Հայաստանն ու Վրաստանը Համագործակցութեան Չօգտագործուած Մեծ Ներուժ Ունին»

Վրաստանի ԱԳ Նախարար «Հայաստանն ու Վրաստանը Համագործակցութեան Չօգտագործուած Մեծ Ներուժ Ունին»

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող՝ Վրաստանի արտաքին գործերու նախարար Միխէիլ Ճանելիձէն՝ Էտուարտ Նալպանտեանի ընկերակցութեամբ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է որ «Հայաստանն ու Վրաստանը Համագործակցութեան Չօգտագործուած Մեծ Ներուժ Ունին» :

«Այսօրուայ հանդիպման ընթացքին ես եւ իմ գործընկերը քննարկած ենք համագործակցութեան բոլոր հիմնական ուղղութիւնները: Մենք ընդգծած ենք մեր ձգտումը՝ աւելի ինթենսիւ դարձնել քաղաքական երկխօսութիւնը: Մենք քննարկած ենք առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները: Մենք նաեւ քննարկած ենք համագործակցութեան զարգացման այնպիսի ոլորտներ, ինչպիսիք են փոխադրամիջոցը, ուժանիւթը, մշակոյթը, կրթութիւնը, արուեստը եւ այլն: Նշուած է, որ երկու երկիրները ունին համագործակցութեան չօգտագործուած մեծ ներուժ»,- յայտարարած է Ճանելիձէն:

Ան նաեւ դրական գնահատած է Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ նոր քաղաքական համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը։ «Մենք նաեւ քննարկած ենք  Եւրոպայի հետ  համակրման գործընթացը եւ համագործակցութիւնը ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս: Գոհունակութեամբ նշած ենք Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ նոր շրջանակային համաձայնագրի բանակցութիւններու աւարտը»,- շարունակած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Հայաստանի ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալպանտեանն ալ ըսած է, թէ վերջին տարիներուն հայ-վրացական յարաբերութիւնները շօշափելի զարգացում ապրած են ու առաջ կ’ընթանան փոխշահաւէտ համագործակցութեան ոգիով։ «Երկու կողմերն էլ պարբերաբար կրկնում են, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ չկան խնդիրներ, կան հարցեր, որոնք համատեղ ջանքերով լուծւում են։ Մեր այսօրուայ հանդիպումը եւս դրա ապացոյցն էր։

Մեր փոխգործակցութեան կարեւոր բաղադրիչն է տարածաշրջանում կայունութեան շուրջ շահագրգիռ երկխօսութիւնը: Գոհունակութեամբ արձանագրեցինք, որ տնտեսական համագործակցութիւնն առաջընթաց է արձանագրել, արդիւնաւէտ գործունէութիւն է ծաւալում համատեղ միջկառավարական յանձնաժողովը»,- յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։ Ան նշած է, որ իր վրացի գործընկերոջ հետ զրոյցի ընթացքին արծարծած են նաեւ վիրահայութեան յուզող խնդիրներն ու անոնց լուծման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը։

Վրաստանի մէջ գործող եռալեզու «Ալիք մետիա» լրատուական կայքի հիմնադիր եւ խմբագիր Արսէն Խառաթեանի կարծիքով, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու հարցին հետ կապուած մեծ անելիք կայ։ Ան յոյս  յայտնած է, որ 2 նախարարներու հանդիպման ընթացքին իսկապէս լուրջ հարցեր  քննարկուած են։ «Ես աւելի շատ յոյս ունեմ, որ օրակարգում են, ըստ էութեան, լուրջ խնդիրներ եւ հարցեր, լինի դա տնտեսական ոլորտում, լինի դա ռազմական ոլորտում, լինի դա յառաջիկայում համատեղ ծրագրեր իրականացնելու եւ առկայ համակրման գործընթացներում համագործակցելու մասին»,- «Ազատութեան» ըսած է Խառաթեան:

Ան  նկատած է նաեւ, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւններուն մէջ դրական զարգացում կայ, ինչը ան կը կապէ ոչ թէ Հայաստանի իշխանութիւններու կամ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանի աշխատանքի, այլ առաջին հերթին՝ Վրաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան հետ։

«Շատերն են կիսում այս կարծիքը, որ Վրաստանի գործող քաղաքական իշխանութիւնը, «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, որն այժմ խորհրդարանում սահմանադրական մեծամասնութիւն ունի, թերեւս ամենանորմալ պետական իշխանութիւնն է եղել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններում, ինչ-որ չափով նաեւ փորձելով հաւասարակշռել այն ազդեցութիւնը, որն Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան Վրաստանում ունեն»,- ըսած է Արսէն Խառաթեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment