Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսականները Կոչ Կ’ընեն Թրամբին Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ԱՄՆ-ի Գոնկրէսականները Կոչ Կ’ընեն Թրամբին Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի աւելի քան 80 անդամներ կոչ ըրած են նախագահ Տանըլտ Թրամբին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իրավիճակը եզակի է, քանի որ նախագահ Թրամբին ուղղուած նամակի տակ իրենց ստորագրութիւնները դրած են Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ Ազգային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու կարեւոր ղեկավարներ՝ հանրապետական Էտ Ռոյսը եւ Տեւին Նունէզը եւ յանձնաժողովի ղեկավարի տեղակալներ, դեմոկրատ գոնկրէսականներ Էլիոթ Էնկէլը եւ Ատամ Շիֆը: Տանըլտ Թրամբին ուղղուած կոչին միացած են նաեւ շարք մը սենաթորներ: Անոնցմէ է Մասաչուսէթսը ներկայացնող սենաթոր Էտ Մարքին.

«Ես նամակ պիտի ուղղեմ նախագահ Թրամբին, կոչ պիտի ընեմ անոր հետեւիլ Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդներուն եւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Սենաթորը յիշեցուցած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը անցեալին ճանչցած են ԱՄՆ-ի շարք մը հանրապետական առաջնորդներ.

«Նախագահ Ռէկընէն մինչեւ սենաթոր Պոպ Տոլ, Հանրապետական կուսակցութիւնը ունի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հսկայական ժառանգութիւն»:

Նամակը ստորագրած Գոնկրէսի Ազգային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի անդամ գոնկրէսական Ատամ Շիֆը լաւատեսօրէն տրամադրուած է.

«Սա մեր լաւագոյն հնարաւորութիւնն է կոչ ընելու այս նախագահին ճիշդ քայլ կատարել եւ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment