Home ՍՓԻՒՌՔ Պոլսոյ «Քամփ Արմէն» Մանկատան Շինարարական Աշխատանքները Սկսած Են

Պոլսոյ «Քամփ Արմէն» Մանկատան Շինարարական Աշխատանքները Սկսած Են

by MassisPost

Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Արմէն» հայկական ամառնային ճամբարին մէջ, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ Հրանդ Տինքի մանկատուն, սկսած են վերակառուցման առաջին աշխատանքներուն, կը յայտնէ Պոլսոյ «Հայթերթ»-ը:

Նախապէս  Կէտիկփաշայի հայկական բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Գիրգոր Աղապալօղլու յայտնած էր, որ ճամբարի վերակառուցման նախագիծը արդէն պատրաստ է, եւ իշխանութիւններուն կողմէ սեփականատիրոջ հանդէպ կիրառուած սահմանափակումներու վերացման ստորագրութիւնը ստանալէ ետք, իրենք պատրաստ են անցնիլ նորոգման լայնածաւալ աշխատանքներու:

Վերակառուցուած ճամբարը պիտի ծառայէ իբրեւ մշակութային օճախ, ուր վառ պիտի պահուի նաեւ պոլսահայ մտաւորական Տինքի յիշատակը:

Յիշեցնենք, որ մօտ 2 տարի առաջ` 175 օրուան դիմադրութենէ ետք, հայ երիտասարդները կրցան Պոլսոյ հայ համայնքին վերադարձնել Թուզլայի հայկական ճամբարի շէնքը, որ 2015-ի Մայիսին աւերման վտանգի տակ յայտնուած էր:

Դեռ 1962-ին ան ծառայած է իբրեւ ճամբար, ուր ամրան ամիսներուն վարժարաններէն դուրս կազմակերպուած են հայ երեխաներու` հայկական միջավայրի մէջ իրարու հետ շփուելու միջավայր,  ինչպէս նաեւ ծնողներ չունեցող հայ մանուկներուն ամառային արձակուրդներու կացարան:

Սակայն 1987-ին պետութիւնը խլած է տարածքը, ապա  Ճամբարի սեփականատէրերը փոխուած են քանի մը անգամ, եւ, ի վերջոյ, 2015-ին տարածքի այդ ժամանակուան տէրը որոշեց Թուզլայի մէջ առանձնատներ կառուցելու նախագիծ սկսիլ:

2015-ի Մայիս 6-ին «Արմէն» ճամբարի տարածք մտած հողամբարձ մեքենաներուն դէմ  ելան հայ երիտասարդները, որոնք ճամբար հասնելով` յաջողեցան կանխել ճամբարի ամբողջական աւերումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment