Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ BBC – Հայաստան. Փոքրիկ Եւրոպական Երկիր՝ Հարուստ Հոգեւոր Պատմութեամբ

BBC – Հայաստան. Փոքրիկ Եւրոպական Երկիր՝ Հարուստ Հոգեւոր Պատմութեամբ

by MassisPost

Բրիտանական BBC-ի կայքը ճամփորդութիւններու մասին բաժնին մէջ Հայաստանի մասին յօդուած եւ վառ լուսանկարներու շարք հրապարակած է՝ «Եւրոպական երկիր, որ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած է 301 թուականին» վերնագիրով:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Հայաստանը աշխարհի ամենափոքր երկիրներէն է, բայց հարուստ հոգեւոր պատմութիւն ունի, որ տեսանելի է մինչ օրս:

Հրապարակման մէջ նշուած է Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքի մասին, որ քրիստոնէութիւնը Հայաստան բերած է: Յօդուածը մանրամասն կը պատմէ նաեւ Գառնիի տաճարի, Էջմիածնի, Գեղարդի վանական համալիրի, խաչքարերու, Քարահունջի եւ Եղենիս գիւղի եկեղեցւոյ մասին:

bbc-2 bbc-3 bbc-4 bbc-5 bbc-6

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment