Ֆրանսան վերահաստատած իր համոզմունքը, որ առկայ «ստատուս քօ»ն պաշտպանունակ չէ, եւ որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ռազմական ճանապարհով։ Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան այսօրուայ յայտարարութեան մէջ։
«Մէկ տարի առաջ, դադրեցան ապրիլի 2-էն 5-ը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալուած եւ տարածաշրջանի բնակչութեան վիշտով համակած պատերազմական գործողութիւնները: Որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ, Ֆրանսան, իր ռուս եւ ամերիկացի գործընկերներու հետ կեդրոնացուցած է իր ուժերը մարտերը դադրեցնելու եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները վերսկսելու ուղղութեամբ», – ըսուած է Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակի յայտարարութեան մէջ, որ տարածած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը:
Ֆրանսան կը վերահաստատէ իր համոզմունքը, որ առկայ «ստատուս քօ»ն պաշտպանունակ չէ եւ որ հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ռազմական ճանապարհով, եւ կոչ ըրած է կողմերուն՝ յարգել կրակի դադարեցման, վստահութեան մեխանիզմներու եւ բանակցութիւնները վերսկսելու մասին 2016 թուականի 16 մայիսի Վիեննայի եւ 20 յունիսի Սանթ Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն ստանձնած յանձնառութիւնները:
«Վերջերս, իր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատեց հակամարտութեան բանակցուած եւ տեւական, ողջ տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարեկեցութեան համար նպաստաւոր լուծում գտնելուն ուղղուած Ֆրանսայի լիակատար յանձնառութիւնը», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ: